«Յուշապատում» (Հեղինակ` Թորոս Թորանեան)

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

85f85f9479905dfbd956d094cb77563b_XL2013-ին, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է սփիւռքահայ գրող, հրապարակագիր եւ խմբագիր Թորոս Թորանեանի «Յուշապատում» խորագրեալ գործը, որ կը բաղկանայ 408 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ գրականութեան շուրջ այլազան նիւթեր:

Պէտք է ըսել, որ «Յուշապատում»-ը Թորանեանի ինքնակենսագրական վէպն է, որ գրուած է պարզ ու անսեթեւեթ ոճով: Հատորին հիմնական առանձնայատկութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ «Յուշապատում» գործը յուշագրութիւն մըն է բառին իսկական առումով, ուր Թորոս Թորանեան կը ներկայացնէ իր գրական կեանքի բազմատեսակ ըմբռնումներն ու փորձառութիւնները, որոնք խորացած են իր մէջ աստիճանական զարգացումներով:

«Յուշապատում» խորագրեալ գործին առաջին բաժինով հեղինակը կը յայտնէ, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ ծնած է:

Այսպէս կ՛ըսէ, թէ ծնած է Հալէպ, 1928 թուականի փետրուար 29-ին: Անգործութեան պատճառով ընտանեօք փոխադրուած են Զահլէ քաղաքը, ուր հայրը գործ գտած է: Իր Մաքրուհի քոյրը ծնած է Զահլէ: Կարճ ժամանակ մը ետք հայրը կը հիւանդանայ ու կը մահանայ: Մայրը կ՛այրիանայ տասնեօթը տարեկանին: Թորոս երկու տարու էր, իսկ քոյրը` երեք ամսու, երբ կը փոխադրուին իրենց մեծ հօրը տունը` Հալէպ:

Որոշ շրջան մը կ՛ապրին Հալէպի թիթեղաշէն քեմփերուն մէջ, որոնց ցեխոտ ճամբաներուն եւ պղտոր ջուրերուն մէջ կ՛անցնի Թորանեանի մանկութիւնը:

Հինգ տարեկանին կը յաճախէ մարաշցիներու Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Մեսրոպեան վարժարանը: Թորանեան կ՛ըսէ, թէ չի սիրեր հետեւիլ Մեսրոպեան վարժարանի դասընթացքներուն: Ամէն օր ան կը բացակայէր դասերէն, որովհետեւ, կ՛ըսէ, փողոցն էր իրենց սիրած աշխարհը:

Օր մը, դպրոցէն տուն վերադարձին, գետնէն կճատ մը գտնելով կը փորձէ զայն ծխել: Այս փորձանքը, սակայն, չի վրիպիր մօրը ուշադրութենէն, որ կարմիր եւ կծու պղպեղով կ՛այրէ Թորոսին բերանը: Ապա, Թորոս կը սիրէ յաճախել նոյն հաստատութեան մանկապարտէզը, ուր իր դպրոցական կեանքի մնացեալ տարիներուն կ՛ըլլայ բարի, ուշիմ եւ պարտաճանաչ աշակերտ:

Վեց տարեկանին կը մտնէ դպրոցին նախապատրաստական դասարանը: Տնօրէնը կը կոչուէր Թ. Լեւոն Լեւոնեան: Ատեն մը ետք կը փոխադրուին Տաուտիէ անունով նոր թաղամաս մը, ուր կ՛ապրէին 500 հայ ընտանիքներ: Ամէն առաւօտ, տնօրէնին ճարտար ղեկավարութեամբ, կ՛երգէին «Առաւօտ լուսոյ» շարականը:

Մայրը ութ տարի այրի մնալէ ետք, Մաքրուհին որբանոց կը ղրկէ, ապա կ՛ամուսնանայ մարդու մը հետ եւ շուտով կը կազմուի ութ անդամներէ բաղկացած ընտանիք մը:

Այս շրջանին Թորոս կը յաճախէ նոր դպրոց մը` Պօղոսիկ Կիւլպենկեան անունով, որուն ուսուցչական կազմին մաս կը կազմէին Արտաշէս Սարգիսեան, Սիմոն Սիմոնեան, Սարգիս Եափուճեան, Վարդան Երամեան եւ Խաչիկ Յովհաննէսեան (Ս. Պալաթոն):

Ապա, 1943 թուին, Թորանեան կ՛աւարտէ Կիւլպենկեան նախակրթարանը: Կ՛անցնի Ալեփփօ քոլեճը, ուր ամէն օր դասարաններ կը մաքրէր:

Յաջորդ շրջանին, յաջող քննութենէ մը ետք, կ՛երթայ Կիպրոս` իբրեւ սան Մելգոնեան վարժարանի:

Կրթական յաջորդ տարիներուն կը մեկնի Հայաստան, ուր կը շարունակէ իր ուսումը իբրեւ Երեւանի բժշկական համալսարանի ուսանող, զոր շնորհիւ իր սեփական ջանքերուն` յաջողութեամբ կ՛աւարտէ:

Պէտք է ըսել, որ անկախ բժշկական դասընթացքներու իր առօրեայ պարտաւորութիւններէն, Թորանեան բանաստեղծ էր եւ հրապարակագիր եւ, այս հանգամանքով, առաջին իսկ օրէն հաստատած սերտ կապեր` հայրենի գրական դէմքերու եւ արուեստագէտներու հետ:

Ահա թէ ինչո՛ւ կը սիրէր ճամբորդել շատ յաճախ պահելու համար հոգեկան սերտ առնչութիւն` հայ գրողներու հետ:

Այս իրողութեան ուշագրաւ մէկ երեւոյթն է այն այցելութիւնը, զոր կը կատարէ Թորանեան Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքը մելգոնեանցի իր ընկերոջ` Յակոբ Մխսեանի հրաւէրով: Արդարեւ, Յակոբ Մխսեան եւ Թորոս Թորանեան ուխտի կ՛երթան Մատրաս քաղաքը, ուր ծնրադիր կը համբուրեն տապանագիրը Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանին, որ ծնունդ տուած էր «Ազդարար»-ին` հայ տպագիր խօսքի առաջին մամուլին»:

Այս ճշմարտութեամբ նաեւ, Թորոս Թորանեան «Նամակ` անդենականի բնակիչ Խաչիկ Դաշտենցին» խորագրեալ գրութեամբ, իր յարգալիր զգացումները կ՛արտայայտէ սասունցի Խաչիկ Դաշտենցին` այն մնայուն հաւատարմութեան համար, զոր Դաշտենց ցուցաբերած է հայ գրականութեան հանդէպ: Վկա՛յ, Դաշտենցի «Երգերի գիրք», «Բոց», «Յարդը գնում է, ցորենն է մնում», «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Ռանչպարների կանչը» խորագրեալ դիւցազնաշունչ երկերը եւ` «Խոդեդան» վէպը:

Պէտք է յիշել, որ 1964-ին Թորոս Թորանեան կ՛երթայ Փարիզ եւ կ՛այցելէ Մոնմոռանսի ծերանոցը, ուր կը բնակէր նախաեղեռնեան շրջանի գրական լաւագոյն դէմքերէն Ահարոն Տատուրեան, որ եղած է սրտակից բարեկամը Վարուժանի եւ Սիամանթոյի:

Արդարեւ, կ՛ուզենք հաստատել, թէ Թորոս Թորանեան տարած է բաւարար աշխատանք, որպէսզի ան «Յուշապատում» վերոյիշեալ յուշագրական հատորը կարենայ ներկայացնել իր ուսումնասիրական ճշգրիտ տուեալներով:

Նոյեմբեր 2013
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES