Երիտասարդական Ոսպնեակ. Խանասորայ Դաշտի «Կարկուտ»-ը Պարարտացուց Հայոց Միասնական Ոգին (117-Ամեակ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածա՞ծ ենք, թէ ինչո՛ւ իրերայաջորդ սերունդներ անցեալի վեհապանծ սխրանքները իբրեւ ազգային օրհնաբեր եւ ուժական արտայայտութիւն համարելով` զանոնք պաշտամունքի պատուանդանին են բարձրացուցեր, եւ ամբողջ տասնամեակներ ու շատ անգամ դարե՜ր անոնցմով հպարտացեր եւ խրախուսուեր:
Ո՛ւր պէտք է փնտռել այն հրաշափառ գաղտնիքը, որով կրցեր ենք մենք մեզ համոզել, թէ ազգային նուիրական ամէն աշխատանք, բայց մանաւանդ` յաղթանակի գեղեցկութեամբ պարուրուած արարք, սոսկ պատմական դիպաշարերու հոլովոյթ ըլլալէ աւելի ոգեշնչող եւ ճառագայթող գրաւչութեամբ` հաւաքական մեր կեանքին իմաստ է տուեր, շունչ ու հոգի մատակարարեր, իսկ տիրական իր հնչեղութեամբ` ամբողջ ազգի մը ապագան կողմնորոշեր:
Միթէ այդպիսին չե՞ն եղած Աւարայրի ճակատամարտը, Վահանեանք հրոսակային կռիւները, Դաւիթ Բէկեան մարտնչումերը, 19-րդ եւ 20-րդ դարերու ազգային ազատագրական պայքարի հրաշք քաջագործութիւնները:
Այլապէս ինչպէ՛ս պէտք է ըմբռնել 117 տարի առաջ Խանասորայ դաշտին վրայ արձանագրուած սխրանքին էութիւնը, մեծութիւնն ու ազգ կերտելու անոր յաւերժահունչ (միասնականութեան) պատգամը:
Ինչպիսի՛ արժեւորումով յիշեալ եզակի աքթը նորահաս սերունդին սեփականութիւնը դարձնել ու անկէ դասեր քաղելու հրաւէրներ ուղղել:
Ազգեր միանշանակ իրենց ազգային պատմութեան խորհուրդներուն ականջալուր ըլլալով հազիւ կրցեր են տոկալ եւ դարերու մաշումի պարտադրանքը շրջանցելով յարատեւել եւ դէպի ապագայ նայելու իրաւունքը ամրակայել:
Ազգային դիմագիծ ունեցող ժողովուրդներ` ապաւինելով հանդերձ իրենց մշակութային անգնահատելի հարստութիւններուն, իմաստութիւնն են ունեցեր կառչած մնալու յեղափոխաշունչ տրամադրութիւններու եւ ինքնապաշտպանական հայեցակարգերու` յանուն անվտանգ եւ բարօր կեանքի մը նուիրագործումին, հայրենիքի պահպանման, հաւաքական գոյատեւման` այլապէս ինքնավստահ քայլերով դէպի առաջ ոստումներ արձանագրելու հասկացողութեամբ:
Ճիշդ է, որ ատենին (1896) վայրագ քիւրտ ցեղախումբ մը համարձակած էր դարանակալ սպաննել հայ յեղափոխականներու մեծաթիւ ընտրանի մը` 800 հոգի, Գարահիսարի լերան լանջին եւ Առաքելոց վանքի շրջակայքին` պատճառ դառնալով ամբողջ ազգի մը կորովի թուլացման, հիասթափութեան եւ մարտունակ ոգիի սասանութեան:
Աւելի՛ն. թշնամի Մազրիկ ցեղը իր այս բարբարոսութեամբ ուզած էր ամբողջ ազգի մը յեղափոխական խանդն ու ներուժը քայքայել եւ անով պարծենալ թուրք սուլթանութեան դիմաց, սակայն անակնկալի եկած` ան ականատես էր եղած հայ քաջարի յեղափոխականներու կողմէ արձակուած փամփուշտներու տեղատարափ «կարկուտ»-ին եւ կայծակնային յարձակումին, որպէս ազդանշան հայ վրիժառու բազուկի ու կամքի հարուածին եւ իբրեւ պատասխան` անոնց գործած բարբարոս սպանդին:
Այս իմաստով, Խանասորի արշաւանքին ունեցած ազդուութիւնն ու ոգեւորիչ տարողութիւնը ատենին, եթէ երբեք մէկ կողմէ վերաջրդեղեց յուսալքուած ժողովուրդի մը առօրեան, ինքնավստահութեան ցոլքեր պարգեւեց երիտասարդութեան եւ ամրակայեց հայ յեղափոխականներու մարտական ոգին, ապա հետագայ տասնամեակներուն, դիւցազնական այս եզակի արշաւանքը կրցաւ վարակիչ ուժ դառնալ պատանեկանի ու երիտասարդականի շարքերուն, անոնց մէջ սնուցանելով արիութիւն, համարձակութիւն, խիզախութիւն, թշնամին ուղղակի ճակատէն հարուածելու յեղափոխաշունչ տրամադրութիւն ու կորով:
Ահա թէ ինչո՛ւ, եւ առհասարակ ազգային պատմագրութեան ու մա՛նաւանդ դաշնակցական գրականութեան մաս կազմող նուիրական այս արշաւանքին խորհուրդը պէտք է ընդմիշտ առնչել պատանեկանի ու երիտասարդականի մեր շարքերուն:
Արդարեւ, 117 տարիներ առաջ Վանայ ծովուն հարաւ-արեւելեան շրջանի Խանասորայ դաշտին վրայ դաշնակցական ֆետայիներու վրիժառական յաջողութիւնն ու երկնած յաղթանակը պսակադրումն իսկ էր հետագայ բոլոր ռազմական գործողութիւններուն, որոնք թափ պիտի ստանային եւ առհասարակ բարոյահոգեբանական ամուր կռուան հանդիսանային` բարբարոս թուրքին դէմ աննահանջ կռուելու եւ շղթայազերծուած պայքարին յարատեւութիւնը ամրապնդելու:
Խանասորայ արշաւանքի պատմական սխրանքին առընթեր, անվարան հարկ է շեշտել անոր համազգային պահուածքն ու խոր նշանակութիւնը, որովհետեւ անոր կայացումը էապէս կ՛առնչուի եզակի յեղափոխականներու այն խումբին, որ, երբ թուրքի ճնշումին տակ փորձ կը կատարէր հեռանալ Վանէն դէպի պարսկական սահման, կը թակարդուէր քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին կողմէ, եւ գրեթէ կը բնաջնջուէր` ուժգին հարուած մը տալով հայ յեղափոխութեան:
Արդ, իրարու ետեւէ կը նահատակուէին դաշնակցական Պետոն, արմենական Աւետիսեանը, հնչակեան Մարտիկը եւ հոյլ մը նուիրեալ ֆետայիներ, որոնց վիճակուած էր քիւրտ դաւադիր ու նենգ արարքին զոհը դառնալ:
Նման արտասովոր մթնոլորտի ու ստեղծուած կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուէր այս անգամ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, պատժական արշաւանքի մը նախաձեռնութեամբ հոգեզինուելու եւ հայութեան կորովի ու ինքնավստահութեան վերականգնումին լծուելու:
Այսուամենայնիւ, գերազանցապէս մարտական այս արշաւանքէն ուսանելին կը մնայ այն, որ դեռ կանուխ ժամանակէն, ազգային ազատագրական պայքարի իսկ սկզբնաւորութեան, դաշնակցական իրականութեան եւ ֆետայական շարքերուն մէջ կը գտնուէին նոյնպէս գերազանց անհատականութիւններ, որոնց ապագայատես ռազմագէտի, յանդուգն, քաջասիրտ, ազգանուէր եւ հայրենասէրի կազմաւորումը պիտի նպաստէր, որ անոնք յաջողէին հայոց պատմութեան վճռորոշ մէկ հանգրուանին` ցուցաբերել այնպիսի վճռակամութիւն եւ անյողդողդ կամքի հասունութիւն, որով կարելի պիտի ըլլար շրջանցել բազմաբնոյթ խոչընդոտներն անգամ` յանուն ազգային արժանապատուութեան պահպանումին եւ ֆետայիի կերպարին առաւել պայծառացումին:
Փաստօրէն, դաշնակցականի իւրայատուկ ղեկավարի ու հայդուկապետի իր տիպով յատկանշուող Նիկոլ Դումանի խանասորեան արշաւանքի մտայղացումը, արդէն իսկ նուաճումն մըն էր ինքնին, իսկ անոր յաջողութեան եւ կենսագործումին համար տարուած աշխատանքը, անասելի դժուարութիւններու (ներքին` սուր տարակարծութիւններու, վէճերու, քննարկումներու եւ արտաքին` մարդուժի եւ զինամթերքի յանձանում եւ այլն) յաղթահարումը, կազմակերպչական երկարատեւ աշխատանքի հունաւորումը, եղած էին դաշնակցական գործիչներու ամբողջ մտասեւեռումը` յանուն արշաւանքի յաջողութեան:
Իրօք, պատեհ է արձանագրել, որ եթէ երբեք գոյութիւն չունենային Նիկոլ դումանեան երկաթեայ ու կարգապահ կամքի հզօրութիւնը, ռազմավարի բացառիկ ունակութիւնն ու ստանձնուած գործին հանդէպ լրջութիւնը, մարդկայնական ըմբռնումներու անոր վեհափառ սկզբունքը` «երբեք չդպչիլ մանուկին, կնոջ ու ծերունիին», ապա նաեւ` ընկերական ոգիի ամէնէն փայլուն արտայայտութիւնը, ի հարկին ընդունելով յիսնապետի մը պաշտօնը, եւ այս բոլորի վեր ու առանձնաբար , ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու ամենավսեմ գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` զազիր թշնամիին հանդէպ բիրտ ըլլալու աներեր կեցուածքը, ապա որոշակիօրէն նման արշաւանքի մը իրագործումը դժուար թէ իրականութիւն դառնար:
24 – 25 յուլիս, 1897-ին Սալմաստէն ընթացք առած Արաուլ լերան լանջէն անցնելով ու տարբեր դիրքերէ ռազմադաշտի լաւապէս ուսումնասիրութեամբ, արդէն ահազանգը կը տրուէր հայոց պատմութեան ամէնէն փառահեղ ճակատումներէն մէկուն, ուր պիտի անմահանար հայ մարտունակ դիմագիծի ուժական արտայայտութիւնը:
Խանասորայ դաշտին ամբողջական համայնապատկերը, ուր կայք էին հաստատած քիւրտ Մազրիկ ցեղի հրոսակները իրենց Շարաֆ բեկով, արդէն յստակ էր արշաւախումբին մաս կազմող աւելի քան 250 ֆետայիներուն համար, որոնք յանկարծակիի բերելով դաւադիրները, յարձակումով մը պիտի կարենային ահ ու սարսափի մատնել թշնամին, կոտրել անոր դիմադրելու կարողութիւնն ու կորովը եւ նուազագոյն վնասով իսկ ապահովել դաշնակցական ֆետայիի փայլուն յաղթանակը:
Եւ կը կատարուէր անխուսափելին: Կը յաղթէր ան, որ կ՛ունենար այն վեհապանծ միտքն ու ներուժը` կազմակերպելու այնպիսի արշաւանք մը, որուն տարողութիւնն ու արձագանգը պիտի փոխանցուէր սերունդէ սերունդ:
Եւ այդ փառաւոր յաղթանակին հիմքը պիտի հանդիսանար այն, որ, երբ յեղափոխական կուսակցութիւն մը որոշում կը կայացնէր, եւ այդ ուղղութեամբ իր ամբողջ կազմակերպական ներուժը կը տրամադրէր, բնականաբար, պիտի յաջողէր արժանանալ հայոց սխրանքներու փառապսակին:
Այս առումով, դաշնակցական պատանին ու երիտասարդը, որ ծնունդն իսկ է ճակատագրուած սփիւռքին, եթէ երբեք ժառանգորդն է իր նախնեաց փառքին ու ազգային ըմբռնումներուն, ապա բոլորէն աւելի պարտաւորուած է ինքնաճանաչումի ուղին ջրդեղել եւ վերապրիլ անզուգական հերոսներու կեանքն ու գործունէութիւնը, ոչ թէ սոսկ առիթներով յիշելով զանոնք, այլեւ` առաւել ինքնավստահութեամբ, պայծառ մտածողութեամբ եւ ստեղծագործ ունակութեամբ լծուելու դաշնակցական ամէն արժէքի վերարժեւորման եւ վերանորոգման:
Կը թուի, որ մեր առօրեայէն վանած ենք անցեալի սխրանքներուն իրաւութիւնը, անզուգական հերոսներու բացառիկ արժանիքները ու մանաւանդ` կորսնցուցած մեր նախնեաց վաստկած յաջողութիւններուն առանցքը հանդիսացող կամքի, անվեհերութեան, դիմակայութեան ու թշնամիին յաղթելու վճռակամութիւնը:
Արդար է ըսել, որ Խանասորայ դաշտին վրայ դաշնակցական ֆետայիներու թշնամիին գլխուն տեղացուցած «կարկուտ»-ները ուղեցոյց են գալիք սերունդներուն, գօտեպնդող եւ իրենց խորհուրդով այժմէական, որովհետեւ ներկայ թէ ապագայի սերունդներ միշտ ալ կարօտը պիտի ունենան նման սխրանքներու, առաջին հերթին մաքրելու ներքին կեանքը, պաշտպանելու դաշնակցական արժէքները, տիրութիւն ընելու գաղութահայ կեանքի յաջողութիւններուն, պահելու ու պահպանելու ազգային հարստութիւնները:
Միւս կողմէ, ականատես ենք հայ քաղաքական ու պետական մտքի արտասովոր վերաբերումներու` նոյնինքն սեփական պատմութեան հանդէպ, երբ բոլոր ժամանակներէ աւելի ազգային մէկութեան ու միասնական ոգիի ջրդեղման ծարաւը կ՛ապրինք ազգովին:
Երբ վերանկախ հայոց պետականութեան հիմքերը ազգային պատուաբեր սխրանքներու, հայաշունչ ապրումներու եւ միասնական գործելակերպերու կշռոյթով պարուրելու հրամայական պահանջին դէմ յանդիման կը գտնուինք առհասարակ:
Միւս կողմէ թուրք-ազերի մերօրեայ բարբարոսութիւններու, ամէնօրեայ սպառնալիքներու եւ հայութեան քաղաքական կամքը ջլատելու որոգայթներու հանդէսներ կը սարքուին ամէնուրեք:
Ապա, քաղաքական ու գաղափարական արթնամտութիւնը կը յուշէ, թէ հայոց պետականութիւնը պարտաւո՛ր է տիրութիւն ընել ազգային ամէն սխրանքի ու ազգավայել յաջողութիւններու:
Վա՜յ պետական մեր այն մտածողութեան, որուն խորապատկերը չէ հարստացած Խանասորայ արշաւանքին հզօր պատգամին թելադրականութեամբ:

