Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Թուրքիան Մեղաւոր Ճանչցած Է Անձի Կեանքի Իրաւունքը Ոտնահարելու Մէջ

24-07ECHR«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը Թուրքիան մեղաւոր ճանչցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրով սահմանուած անձի կեանքի իրաւունքը ոտնահարելու մէջ:

Դատարանը այդ վճիռը արձակած է 2006-ին Տիգրանակերտի մէջ խաղաղ ցոյցի մը ընթացքին թուրք իրաւապահներու կողմէ օգտագործուած արցունքաբեր կազի պարկուճի հարուածէն մահացած քաղաքացի Թարըք Աթաքայայի դատական գործով: Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանը թրքական պետութիւնը մեղաւոր ճանչցած է նաեւ սպանութեան համար պատասխանատու անձերու նկատմամբ պատշաճ քննութիւն չիրականացնելու համար:

Եւրոպական դատարանի որոշումին համաձայն, դատական ծախսերուն հետ Թուրքիան տուժող կողմին պէտք է 70 հազար եւրօ հատուցում վճարէ: Դատարանը նաեւ Թուրքիան զգուշացուցած է, որ դարձեալ պիտի դատապարտէ զայն, եթէ ցուցարարներու դէմ շահագործման սխալ պայմաններով արցունքաբեր կազ օգտագործէ:

Share this Article
CATEGORIES