Մալիքի. «Իրաքի Մէջ Ճակատամարտը Յարանուանական Չէ, Այլ Բոլոր Իրաքցիներուն Ճակատամարտը` Ընդդէմ Ահաբեկչութեան»

Նուրի Մալիքի
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ անակնկալ կերպով այցելեց Պաղտատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ: Մալիքի Քի Մունի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է իրաքցի գաղթականներուն հարցը, որ Իրաքի մէջ վերջին իրադարձութեանց բնական արդիւնքն է եւ որուն իրաքեան կառավարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ:
Մալիքի ըսաւ, որ ՄԱԿ կ՛աջակցի Իրաքին ահաբեկչութեան դէմ մղած իր պատերազմին մէջ` ընդգծելով. «Իրաքի մէջ ճակատամարտը յարանուանական չէ, այլ բոլոր իրաքցիներուն ճակատամարտը` ընդդէմ ահաբեկչութեան»:
Իրաքի վարչապետը նաեւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին հարցին մէջ կանգնելու պաղեստինցի ժողովուրդին կողքին:
Նշենք, որ Իրաքի խորհրդարանը երէկ ձայներու մեծամասնութեամբ Ֆուատ Մահսումը ընտրեց Իրաքի նախագահ:

