ՔԱԶԶԱՖԻ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻ
Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի որդին` Սէյֆուլ Իսլամ Քազզաֆի ալճերիական «Խապար» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր հօր վարչակազմը բանակցութիւններ կը վարէ Ֆրանսայի վարչակազմին հետ:
«Մենք Ֆրանսայի հետ կը բանակցինք եւ ոչ թէ ըմբոստներուն հետ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ լիպիացի պատուիրակը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ, եւ վերջինս հաստատած է, որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը, այսինքն` ըմբոստները «չեն կրնար գոյութիւն ունենալ առանց ֆրանսական զէնքին, դրամներուն եւ այլ օժանդակութեան»:
Ըստ Սէյֆուլ Իսլամ Քազզաֆիի, ֆրանսական կողմը յայտարարած է, որ Քազզաֆիի հետ համաձայնելէ ետք Ֆրանսա Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին պիտի ստիպէ զինադուլ հաստատել:
Ֆրանսա յայտարարեց, որ Քազզաֆիին պատգամներ կը փոխանցուին, սակայն անոր հետ բանակցութիւններ գոյութիւն չունին: