ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ ՋԱԽՋԱԽՈՒՄԸ 5 ԶՈՀ ԿԸ ԽԼԷ

Օդանաւի ջախջախման վայրը

Ռուսիոյ Թոմսքի մարզի Օպ գետին վրայ պարտադիր էջք կատարած է «ԱՆ-24» տիպի օդանաւ մը, որ Թոմսքէն Սուրկութ թռիչք կը կատարէր: Արձանագրուած է 5 զոհ եւ 4 վիրաւոր: Երեք հոգի անյայտ կորսուած կը նկատուին: Օդանաւին մէջ կային 32 ճամբորդներ եւ անձնակազմի 4 անդամներ:

Արկածին պատճառը շարժակներէն մէկուն հրդեհ առնելը եղած է: Արկածին շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES