ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻ ՊԱՅԹՈՒՄ
Երէկ առաւօտեան Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքէն ոչ շատ հեռու գտնուող ծովուժի մէկ զօրանոցին մէջ զինամթերք պայթեցաւ: Պայթումին պատճառով արձանագրուեցաւ 17 զոհ, սակայն կը նախատեսուի, որ զոհերուն թիւը բարձրանայ, որովհետեւ զօրանոցին մէջ կը ծառայեն երկու հարիւր զինուորներ:
Կիպրական ոստիկանութիւնը կը հաստատէ, որ պայթումները տեղի ունեցած են զօրանոցի տարածքին մէջ: Դէպքի վայր ուղղուեցան հրշէջներ եւ շտապ օգնութեան խմբակներ:
Կիպրական լրատուամիջոցներուն պնդումով, պայթումներուն պատճառը վերջին օրերու շատ տաք եղանակն է: Ըստ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, պայթած զինամթերքը 2009-ին գրաւուած եւ Սուրիա ուղղուող իրանեան զինամթերքն է:
Պայթումին պատճառով վնասուեցաւ կղզիին գլխաւոր ելեկտրակայանը:
CATEGORIES Միջազգային


