Տունկա Իր Նախկին Խմբակիցները Նշանակեց Իբրեւ Իր Օգնականները

24-07dungaՊրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ երկրի ֆութպոլի  ազգային խումբի նոր մարզիչ Տունկա, որ նախանցեալ օր պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը, իր նախկին խմբակիցներէն Թաֆարելը եւ Մաուրօ Սիլվան, ինչպէս նաեւ Անտրէյ Լոփեսը նշանակեց իբրեւ իր օգնականները:

Ոչ այդքան մեծ համբաւ ունեցող Լոփես Տունկային օգնականն էր, երբ ան նախորդ տարի Ինթերնասիոնալի մարզիչն էր:

Թաֆարել պիտի ըլլայ բերդապահներուն մարզիչը, մինչ Սիլվա պիտի օգնէ Տունկայի, երբ ան կարիքը ունենայ անոր:

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ 5 սեպտեմբերին` Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), Տունկա պիտի փորձէ զօրաւոր կազմով մը դաշտ ներկայանալ Քոլոմպիոյ դէմ: Իսկ այս մրցումէն 4 օր ետք, Պրազիլ Նիւ Ճըրզիի մէջ պիտի ճակատի Էքուատորի դէմ:

Պրազիլ հոկտեմբերին Չինաստանի մէջ պիտի մրցի Արժանթինի դէմ, իսկ նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ:

Վերոնշեալ մրցումները Պրազիլի համար պիտի ըլլան պատրաստութիւն` յառաջիկայ տարի Չիլիի մէջ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:

 

Share this Article
CATEGORIES