100 Տարի Առաջ. Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ծագումն Ու Ժամանակագրութիւնը – 1914 – 1918

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

25-07wire2Առաջին Համաշխարհային պատերազմին էր տեղի ունեցաւ առաջին ճարտարարուեստական պատերազմ աշխարհի պատմութեան մէջ, որուն ընթացքին մօտաւորապէս 15 միլիոն մարդիկ զոհուեցան` զինուորներ եւ քաղաքայիններ, որպէս Մեծ Աղէտը 20-րդ դարուն:

28 յունիս 1914-ին Սարայեւոյի մէջ 19 տարեկան սերպ յեղափոխական Քաւրիլօ Փրինսիփի գնդակին զոհ գացին Աւստրօ-Հունգարիոյ գահաժառանգ իշխան Ֆրանց Ֆերտինանտն ու կինը:

Սերպ յեղափոխականը անդամ էր մեծ Սերպիոյ ազգային գաղտնի կուսակցութեան, որ կը կոչուէր «Միութիւն կամ Մահ» եւ «Սեւ Ձեռք»:

Աւստրօ-Հունգարիոյ կառավարական ձեւն էր կայսրութիւն, Աւստրիան եւ Հունգարիան ունէին առանձին վարչութիւններ. վեհապետ կայսրը Աւստրիոյ եւ թագաւոր Հունգարիոյ: Երկրին կայսրն էր Ֆրանց Եոզեֆ, երկրին մայրաքաղաքն էր Վիեննա, երկրին ժողովուրդը չորս գլխաւոր տարրերէ կը բաղկանար` գերման, մաճառ, սլաւ եւ ռումէն, առանց հաշուելու ուրիշ տարրեր:

25-07headlineԳահաժառանգի սպանութենէն ետք Եւրոպայի քաղաքական մթնոլորտը տակնուվրայ եղաւ: Գերմանիոյ կայսր Վիլհելմ Երկրորդի կառավարութիւնը ստիպեց Աւստրօ-Հունգարիոյ կառավարութեան` պատերազմ յայտարարելու ընդդէմ Սերպիոյ կառավարութեան, որպէսզի իր հզօրութիւնը ցոյց տայ:

Երբ Աւստրօ-Հունգարիոյ կողմէ անընդունելի պայմաններով խմբագրուած երկու օրուան վերջնագրին Սերպիան ոչ գոհացուցիչ պատասխան տուաւ 1914 ՅՈՒԼԻՍ 25-ին, Աւստրիա պատերազմ յայտարարեց Սերպիոյ դէմ եւ սկսաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը:

Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ պետութիւնները գիտնալով հանդերձ, ստանձնեցին մեծ պատերազմի պատասխանատուութիւնը, բայց իրենք յոյս ունէին շուտով պատերազմական վէճը փակել եւ կամ որոշ տարածքի մը մէջ սահմանափակել: Բայց դէպքերը ցոյց տուին, որ սուտ եւ խաբէական էր յոյսը, որովհետեւ Ռուսիա պարզապէս եւ հաստատ որոշած էր Սերպիոյ ամէն տեսակէտով օգնել, եւ այսպէս սկսաւ Ա. Մեծ պատերազմը:

Պերլինի մեծ եւ փոքր բոլոր թերթերը արդէն սպառնական լեզու սկսած էին գործածել Ռուսիոյ դէմ: Գերման ժողովուրդը արդէն սկսած էր անխուսափելի նկատել պատերազմը ընդդէմ Ռուսիոյ:

Ժողովուրդը յաճախ կ՛աղաղակէր` «Մեր սիրելի կայսրը տեսնել կ՛ուզենք»: Թրքասէր կայսր Վիլհելմ Երկրորդ յստակ ձայնով ըսաւ. «Ես ըրի կարելին պահպանելու համար խաղաղութիւնը, բայց մեր նախանձոտ դրացիները, անցնելով մեր սահմանները, ոտնակոխ ըրին հայրենի մեր սուրբ հողը:

«Գերման ազգը իբրեւ մէկ մարդ պէտք է ոտքի կանգնի` մղելու համար այն ճակատագրական անխուսափելի պայքարը, որ մեր թշնամիները մեզի դէմ կը մղեն, մեզ փճացնելու միակ նպատակով:

«Սուրս, որ աւելի քան 25 տարիներ յանուն եւ ի սէր խաղաղութեան վար դրած էի, այսօր կը քաշեմ պատեանէն, եւ մինչեւ որ չյաղթեմ, պիտի չդնեմ պատեանը…»:

Գերմանիոյ կայսր Վիլհելմ Երկրորդին անգլիացիները անուանեցին` «War – Lord», ֆրանսացիները` «Seigneur de la Guerre», ամերիկացիները` «The Beast of Berlin»:

Եւրոպական պետութիւնները բաժնուեցան երկու մասի: Դաշնակիցները «Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Պելճիքա), դուրս եկան Զինակիցներու (Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, ի վերջոյ Թուրքիոյ) դէմ:

1914-ին աշխարհի վրայ ապրող հայերուն թիւն էր մօտ 4.100.000` հետեւեալ ձեւով բաշխուած. Օսմ. կայսրութեան մէջ` 2.100,000, Ռուս. կայսրութեան մէջ` 1.700.00, Պարսկաստանի մէջ` 100.00, աշխարհի մնացեալ մասին մէջ` 200.000: Պատմական Հայաստանի սահմաններուն մէջ կ՛ապրէին 2.700.00 հայեր:

1914 յուլիս 5-ին Գերմանիան զօրավիգ կանգնեցաւ Աւստրօ-Հունգարիոյ:

Յուլիս 23-ին, ժամը 18:00-ին, Աւստրօ-Հունգարիոյ կառավարութիւնը վերջնագիր մը յղեց Սերպիոյ կառավարութեան:

Յուլիս 25-ին Ռուսիա օգնութիւն խոստացաւ Սերպիոյ, որովհետեւ Ռուսիա չէր կրնար հանդուրժել Աւստրօ-Հունգարիոյ ազդեցութեան` Պալքանեան երկիրներուն վրայ:

Յուլիս 25-ին, ժամը 15:00-ին, Սերպիա զօրաշարժի պատրաստուեցաւ: Նոյն օրը, ժամը 22:00-ին, Աւստրօ-Հունգարիոյ բանակները զօրաշարժ յայտարարեցին ընդդէմ Սերպիոյ:

Յուլիս 26-ին Ռուսիան Եւրոպայի մէջ իր բանակները զօրաշարժի ենթարկեց:

Յուլիս 26-ին Անգլիան առաջարկեց չորս մեծ պետութիւններուն` հիւպատոսներու համաժողով մը կազմել եւ բոլոր վէճերուն լուծում մը գտնել. այս առաջարկը օր մը վերջ Գերմանիան մերժեց:

Յուլիս 28-ին, ժամը 12:30-ին, Աւստրօ-Հունգարիան պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ Սերպիոյ:

25-07corpse4Յուլիս 30-ի գիշերը Գերմանիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատար ֆոն Մոլթքըն եւ պատերազմական նախարար Էրիշ ֆոն Ֆալքհայնը համոզեցին իրենց վարչապետը, որ Գերմանիա պէտք է արագ եւ շուտով պատերազմը սկսի, որպէսզի իր պատերազմական ծրագիրները կարենայ իրագործել երկու ճակատներու վրայ:

Յուլիս 31-ին Գերմանիա Ֆրանսային վերջնագիր մը ներկայացուց եւ պահանջեց, որ 18 ժամուան մէջ յայտարարէ իր չէզոքութեան մասին, երբ տեղի ունենայ Գերմանիա-Ռուսիա պատերազմը: Եւ նոյն օրը, գիշերուան ժամը 24:00-ին Գերմանիան ուրիշ վերջնագիր մը ներկայացուց Ռուսիոյ` պահանջելով, որ դադրեցնէ պատերազմական պատրաստութիւնները:

Օգոստոս 1-ին, ժամը 19:00-ին, Գերմանիա պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Ռուսիոյ:

Օգոստոս 2-ին Գերմանիա եւ Թուրքիա ստորագրեցին գաղտնի դաշնագիր մը. դաշնագիրը կը կրէ ստորագրութիւնները Պոլսոյ գերման դեսպան Ֆոն Վանկենհայմի եւ Օսմանեան կայսրութեան վարչապետ եւ արտաքին գործերու նախարար Սայիտ Հալիմի:

Այս դաշնագիրին ամէնէն աւելի հետաքրքրական յօդուածը կը մնայ թիւ չորսը. «Այն պարագային, երբ օսմանեան հողամասերը ենթարկուին սպառնալիքի Գերմանիա յանձն կ՛առնէ զէնքով պաշտպանել զանոնք»:

Օգոստոս 2-ին, գերմանական բանակը գրաւեցին Լիւքսամպուրկը:
Օգոստոս 3-ին գերմանական ուժերը ներխուժեցին Պելճիքա, եւ նոյն օրը Գերմանիա պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ Ֆրանսայի:
Օգոստոս 4-ին Անգլիա պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ Գերմանիոյ:
Օգոստոս 5-ին Թուրքիա գոցեց նեղուցները:
Օգոստոս 6-ին Աւստրօ-Հունգարիան պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ Ռուսիոյ: Նոյն օրը Սերպիան պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ Գերմանիոյ:
Օգոստոս 12-ին Անգլիան ու Ֆրանսա պատերազմ յայտարարեցին ընդդէմ Աւստրօ Հունգարիոյ:
Օգոստոս 27-ին Աւստրօ Հունգարիա պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ Պելճիքայի:
Սեպտեմբեր 5-ին Լոնտոնի մէջ կ՛որոշեն երեք մեծ պետութիւնները` Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, խաղաղութեան որեւէ դաշնագիր չստորագրել:
Նոյեմբեր 2-5, Ռուսիան, Անգլիան եւ Ֆրանսան պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ Թուրքիոյ:

1915

Մայիս 23-ին Իտալիա պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Աւստրօ-Հունգարիոյ:
Մայիս 24-ին Գերմանիան կը խզէ իր կապերը Իտալիոյ հետ:
Օգոստոս 20-ին Իտալիան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Թուրքիոյ:
ՍԵպտեմբեր 6-ին Գերմանիա եւ Պուլկարիա կը ստորագրեն բարեկամական դաշնագիր մը:
Հոկտեմբեր 14-ին Պուլկարիա պատերազմի կը մասնակցի զինակիցներուն կողքին:

1916

Մարտ 9-ին Գերմանիա պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Փորթուգալի:
Օգոստոս 26-ին Իտալիա պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Գերմանիոյ:
Օգոստոս 28-ին Ռումանիա պատերազմի կը մտնէ Դաշնակիցներու կողքին:
Նոյեմբեր 7-ին Վուտրօ Ուիլսըն կրկին անգամ նախագահ կ՛ընտրուի Միացեալ Նահանգներու:
Նոյեմբեր 21-ին 85 տարեկան հասակին կը մահանայ Աւստրօ-Հունգարիոյ կայսր Ֆրանց Եոզեֆ, գահ կը բարձրանայ 29 տարեկան Քարլ Առաջինը:

1917

Մարտ 12-ին` Քերենսքիի յեղափոխութիւնը Ռուսիոյ մէջ:
Մարտ 16-ին Նիքոլայ Երկրորդ ցարը գահընկէց կ՛ըլլայ եւ 1918 յուլիս 17-ին, ընտանիքով միասին պոլշեւիկեան ձեռքով կը գնդակահարուին:
Ապրիլ 6-ին Միացեալ Նահանգներ պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ Գերմանիոյ:
Յունիս 7-ին Յունաստան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Գերմանիոյ:
Նոյեմբեր 7-ին պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը` Ս. Փեթերսպուրկին մէջ:ղ
Դեկտեմբեր ամսուան մէջ տեղի կ՛ունենայ Պրեսթ-Լիթովսքի խաղաղութեան դաշնագիրը` զինակիցներուն եւ պոլշեւիկ Ռուսիոյ միջեւ:
Դեկտեմբեր 6-ին` հռչակում Ֆինլանտայի անկախ հանրապետութեան:

1918

Յունուար 8-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընը կը յայտարարէ խաղաղութեան իր 14 կէտերը:
Սեպտեմբեր 30-ին` զինադադար Պուլկարիոյ մէջ:
Հոկտեմբեր 3-4 համար Գերմանիան, Աւստրօ-Հունգարիան եւ Թուրքիան զինադադարի համար կը դիմեն նախագահ Ուիլսընին:ղ
Հոկտեմբեր 24-ին` աւստրիական եւ հունգարական բանակներու քայքայումը:
Հոկտեմբեր 28-ին, բաժանում Աւստրօ Հունգարիոյ եւ Չեխոսլովաքիոյ:
Նոյեմբեր 9-ին, յեղափոխութիւն Պերլինի մէջ, կայսր Վիլհեմ Երկրորդ գահընկէց կ՛ըլլայ եւ կը յայտարարուի Գերմանիոյ Հանրապետութիւնը:
Նոյեմբեր 11-ին, ժամը 12:55-ին զինադադար` բոլոր ճակատներու վրայ:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին պատերազմող միայն մեծ պետութիւններու ունեցած կորուստները.
Գերմանիա` 1.936.900
Ռուսիա` 1,700.000
Ֆրանսա` 1.245.000
Աւստրօ-Հունգարիա` 1.200.000
Անգլիա` 800.000
Իտալիա` 400.000
Սերպիա` 300.000
Միացեալ Նահանգներ` 68.000

Եւ այսպէսով աւարտեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը:

Գերմանիա, յունուար

Share this Article
CATEGORIES