Արսենալ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Քասիասը
Սպանական «Էլ Քոնֆիտենսիալ»-ի համաձայն, անգլիական Արսենալ ակումբը պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է Ռէալ Մատրիտի` գնելու համար անոր սպանացի միջազգային 33 տարեկան բերդապահ Իքեր Քասիասը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, լոնտոնեան կազմը պատրաստ է անոր առաջարկելու երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, ինչպէս նաեւ պատրաստ է բերդապահին վճարելու տարեկան 9 միլիոն եւրօ աշխատավարձք:
CATEGORIES Մարզական

