Սուարեսի 4 Ամսուան Որակազրկումը Կրնայ Կրճատուիլ
Ըստ goal.com կայքին, Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեսի ստացած 4 ամսուան որակազրկումը կրնայ կրճատուիլ` նկատի ունենալով, որ քաթալոնիական ակումբը բողոքագիր մը ներկայացուցած է Լոզանի իրաւարարական դատարանին:
Ըստ երեւոյթին, ուրուկուէյցիին որակազրկումին ժամկէտը պիտի նուազի, եւ ան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանէն իսկ պիտի սկսի մասնակցիլ իր ակումբին կատարելիք մրցումներուն, կը յայտնէ վերոնշեալ աղբիւրը:
Սակայն, անոր ստացած միջազգային կախակայումը` ազգային խումբին հետ (9 մրցումով), ուժի մէջ պիտի մնայ:
Այնպէս կը թուի, որ «CAS»-ի դատաւորները համաձայն են Պարսելոնայի հետ, ըստ որուն, ՖԻՖԱ-ին սահմանած պատիժները բաւական խիստ եղած են ուրուկուէյցի մարզիկին նկատմամբ:
CATEGORIES Մարզական

