Ազրպէյճանցի Առեւտրականը Չարդարացուց Լանսի Համակիրներուն Յոյսերը
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը արգելք հանդիսացաւ, որ երկրին անուանի ակումբներէն Լանսը 2014-2015 տարեշրջանին մաս կազմէ «Լիկ-1»-ի ախոյեանութեան:
Ատոր պատճառը եղաւ այն, որ ակումբին սեփականատէրը` ազրպէյճանցի առեւտրական Հաֆիզ Մամետով խումբին հաշիւին չկրցաւ փոխանցել անհրաժեշտ 25 միլիոն եւրոյի գումարը:
Նկատի ունենալով, որ ազրպէյճանցի սեփականատէրը չարդարացուց ակումբին համակիրներուն յոյսերը, անոնք մերթ ընդ մերթ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն անոր դէմ:
CATEGORIES Մարզական

