Միջազգային Ֆութպոլ. Հայ Մասնագէտը Կրնայ Նշանակուիլ Հոնտիւրասի Մարզիչ

24-07hondurasArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ուրուկուէյահայ մարզիչ Մանուէլ Քէօսէեան շատ հաւանաբար նշանակուի Հոնտիւրասի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:

60 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մարզած է հարաւային եւ կեդրոնական ամերիկեան շարք մը ակումբներ:

Տարբեր տարիներու ընթացքին ան Ուրուկուէյի, Քոսթա Ռիքայի, Կուաթեմալայի եւ Հոնտիւրասի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն մասնակցած իր կազմերուն հետ տիրացած է տիտղոսներու:

Share this Article
CATEGORIES