Ճատրակ. Տիգրան Նալբանդեան Տիտղոսակիր` Տորթմունտի Մէջ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Նալբանդեան բացառիկ արդիւնք մը արձանագրելով Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա), տիրացած է Հելմութ Քոհլի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին` ապահովելով 8 կէտ, առաւելագոյն 9 կէտէն:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Տիգրան Պետրոսեան տիտղոս նուաճեց Վարշաւայի մէջ, իսկ Կարէն Գրիգորեան` Պարսելոնայի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

