Նետաձգութիւն. Գոհար Շահնազարեան 2015-ի Եւրոպայի Ախոյեանութեան Տոմս Մը Ապահովեց

24-07koharԵւրոպայի նետաձգութեան 21-րդ ախոյեանութեան աղջկանց անհատական մրցումներուն, երէկ 1-24-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը կրած Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Գոհար Շահնազարեան, պայքարեցաւ 2015-ին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն տոմս մը ապահովելու համար:

4 հանգրուան ունեցող այդ մրցումին Շահնազարեան թէեւ առաջին հանգրուանին յաղթեց, սակայն երեքին պարտուեցաւ եւ 6-2 արդիւնքով զիջեցաւ իր մրցակիցին դիմաց:

Բայց եւ այնպէս, այդ երկու կէտը բաւարար էր 2015-ին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան տոմս մը ապահովելու համար, կը յայտնէ ArmSport.am:

Share this Article
CATEGORIES