Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւ լուրեր պիտի ստանաք ձեր ընտանիքէն եւ ձեր բարեկամներէն: Պատասխանեցէք անոնց, շնորհաւորեցէք յաջողութիւնները: Անտարբեր մնալը անհաճոյ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լուռ մնացէք ձեզի ուղղուած կարգ մը հարցումներու, որոնք ձեզի կ՛ուղղուին անծանօթներու կողմէ: Օրուան ընթացքին պիտի աշխատիք առանձին եւ մեկուսի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Խմբական գործունէութեան մը պիտի բերէք ձեր մասնակցութիւնը: Դուք պիտի ըլլաք խումբը առաջնորդող դէմքը: Որքան որ կրնաք, համբերութեամբ գործեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Միշտ կ՛ուզէք, որ ուրիշներ, բարեկամներ հետաքրքրուին ձեզմով: Ասիկա ճիշդ կեցուածք չէ: Եսակեդրոն եւ ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք: Մարդը մարդով կ՛ապրի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ընտանի անասուն մը կը պահէք, հետաքրքրուեցէք անոր առողջութեամբ: Շուն, կատու կամ այլ տեսակ կենդանիներու շունչն ալ կը վարակէ մարդը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բոյսերը կը սիրէք անկասկած: Այսօր ձեզի նուիրուած փունջը լաւ պահեցէք ձեր սիրտին մէջ: Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ըսէք ոեւէ մէկուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վերջերս ձեր կատարած ճամբորդութենէն շատ գոհ պիտի մնաք, քանի որ հոն պիտի հանդիպիք ձեր ճաշակը հետաքրքրող բաներու: Վիճակահանութեան տոմս մը գնեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գեղարուեստի հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն ունիք: Փորձեցէք ձեր ձայնը եւ ականջ տուէք: Գնահատանք եթէ ստանաք, անով մի՛ գոհանաք: Դուք ձեզ լսեցէք եւ որոշեցէք ձեր վիճակը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երբ տեղ մը հրաւիրուիք, մերժողական պատասխան մի՛ տաք, որպէսզի այլամերժ անձ մը չնկատուիք: Ձեր օրը պայծառ է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեդրոնացէք` ձեր ծրագիրները ամբողջացնելու: Օրերը արագ կ՛անցնին: Կէս մի՛ թողուք ձեր ծրագրած աշխատանքը, որպէսզի չզղջաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շուրջը գտնուողները, բանուոր ըլլան թէ մասնագէտ, պատճառաբանութիւն մը պատրուակելով կռիւի մը պատճառ պիտի ըլլան: Հեռու մնացէք այդպիսիներէն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լողալը լաւագոյն մարզանքն է, որ առողջ կը պահէ ձեզի: Լողալը ձեր առողջութեան կը սպասէ: Ծովը ձեզ կը կանչէ, սիրեցէք զայն:

