50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1964)

 Նախագահական Պայքարը

Ի՞նչ Պիտի Պատահի Մինչեւ Յուլիս 30

 Երկու Անկարելիութիւններ Զիրար Կը Չէզոքացնեն

 

Ռընէ Աժիուրի, որ ջերմ վերանորոգչական մըն է, կը գրէ «Լ՛Օրիան»-ի մէջ.

Մինչեւ յուլիս 30 ի՞նչ կրնայ պատահիլ եւ ի՞նչ պիտի պատահի յուլիս 30-ին:

Յստակ է, որ ոչ ոք բան մը գիտէ…

Այն երեսփոխաններէն, որոնք առաջին անգամ քուէարկեցին սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածի փոփոխութեան ի նպաստ, 53-ը պահանջեցին նոր վիճաբանութիւն մը այդ բաղձանքին շուրջ: Այդ վիճաբանութեան առիթը տրուեցաւ իրենց` յուլիս 30-ի համար: Մինչեւ այդ թուականը պէտք է որ առնուազն 22 երեսփոխաններէն մօտաւորապէս 17-ը տակաւին հաստատ կը մնան այն յանձնառութեան վրայ, որ ունին հանդէպ Քամել Ասատի եւ Ժոզեֆ Սքեֆի, որոնց դիրքը ժխտական է:

Եթէ խորհրդարանի նախագահը եւ Զահլէի ղեկավարը շարունակեն Աժալթունէն երաշխիքներ պահանջել մայիս 26-ի բաղձանքին շուրջ դրական երկրորդ քուէարկութեան մը խոստումը տալէ առաջ, հաւանական է, որ երկրորդ քուէարկութիւնը չկարենայ խորհրդարանի անդամներուն 3/4-ին ձայները ապահովել:

Նկատի ունենալով, որ նախագահ Շեհապի կեցուածքը անձնական մեկնաբանութեան ենթարկելու խնդիր մըն է եղածը, եւ իւրաքանչիւրը կը մեկնաբանէ ըստ իր հայեցողութեան, խորհրդարանի նախագահը կրնար հետեւեալ դիրքը բռնել. անձնապէս կը խորհիմ, թէ նախագահ Շեհապէն համամտութեան նշան մը չստանայ: Իմ խմբակիս պատկանող այն երեսփոխանները, որոնք տարբեր տպաւորութիւն ունին, թող քուէարկեն ըստ իրենց խղճին, իսկ ես, պահելու համար իրաւարարի դերս, ձեռնպահ պիտի մնամ:

Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ արդիւնք պիտի ունենար նման վերաբերում մը, եթէ որդեգրուէր: Բայց մեզի կը թուի, թէ ատիկա պիտի ըլլար համապատասխան օրէնդիրի պետի դերին մասին առողջ ըմբռնումի մը: Օրէսդիրի պետը կամ մեծամասնութեան մը ներկայացուցիչն է կամ` անկախ մարդ մը բոլոր խմբակներուն նկատմամբ: Բոլոր պարագաներու, սակայն, իրաւարար` կուսակցութիւններու միջեւ, բայց երբե՛ք պետը փոքրամասնութեան խմբակի մը, որ նժարը մերթ աջ, մերթ ձախ կը հակեցնէ: Մայիս 26-ին ասոնց հետ, յուլիս 30-ին` անոնց:

Այսպէ՞ս կ՛ըմբռնէ իր պաշտօնը Քամել Ասատ, որուն առաջին փորձն է այս իբրեւ օրէնսդիրի պետ: Չենք կրնար ըսել, թէ մինչեւ հիմա ստացուած հակառակ նշանները վճռական են: Իրականութեան մէջ, եւ հակառակ այն շահագործման, որ մայիս 26-ի քուէին հակառակորդները կը կատարեն իր բռնած դիրքին առթիւ, նախագահ Ք. Ասատ խոհեմ դուրս եկաւ իր ընտրութենէն ի վեր: Բայց յուլիս 30-ի փորձէն պիտի դատենք այն ըմբռնումը, որ ունի իր դիրքի մասին:

* * *

Ուստի, լուծումը միշտ կախուած կը մնայ Ք. Ասատի եւ Ժոզեֆ Սքեֆի տալիք որոշումէն:

Ծանր պատասխանատուութիւն մըն է այդ: Արդէն ցոյց տուած էինք, որ անօգուտ է վերադառնալ, քանի որ յառաջիկայ երեք կամ չորս օրերու ընթացքին ամէն բան պիտի վերջանայ:

Բայց անօգուտ պիտի չըլլար նախատեսել այն այլազան հաւանականութիւնները, որոնց առջեւ կը գտնուինք:

Առաջինը պիտի ըլլար փոփոխութեան բաղձանքին երկրորդ անգամ քուէարկումը: Ասոր հետեւանքներուն ծանօթ ենք` սահմանադրական եղանակով:

Երկրորդը պիտի ըլլար ձայներու 3/4-ը հաւաքելու անկարելիութիւնը: Այն ատեն քուէարկութիւն հաւանաբար տեղի չունենայ: Կարելի է մտածել, թէ ասոր վրայ խորհրդարանի նախագահը ինքզինք պարտաւորուած պիտի նկատէ հրաւիրելու խորհրդարանը, որպէսզի ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը: Մեծամասնութեան խմբակները (53 ձայնի իջած), որոնց համար յուլիս 30-ը բարոյական ձախողութիւն մը պիտի ըլլայ, կը սպառնան պոյքոթի ենթարկել ընտրութեան նիստը: Անոնց հակառակորդները կը խորհին, թէ այն վայրկեանէն սկսած, երբ «վերանորոգման» էջը փակուած է, 53 երեսփոխանները պիտի ցրուին եւ պոյքոթ պիտի չըլլայ:

Այն ատեն ո՞վ պիտի վերակազմէ մեծամասնութիւնը: Ասիկա ուրիշ խնդիր մըն է: Եւ` առեղծուած մը:

Բայց պէտք է նկատել, թէ այս ճակատամարտը, նախագահութեան թեկնածուներուն միջեւ ճակատամարտ մը ըլլալէ առաջ, փրոսետիւրի ճակատամարտ մըն է, որուն նպատակն է պահպանել մեծամասնութիւնը, կամ տարտղնել` զայն վերակազմելու համար նոր հիման մը վրայ, ի նպաստ թեկնածուի մը:

Այս ճակատամարտին մէջ փոփոխութեան բաղձանքը կրնայ ըլլալ միայն համախմբման գործիք մը: Ասոր համար է, որ փոքրամասնութիւնը կ՛աճապարէ այդ բաղձանքը վերջնականապէս թաղել յուլիս 30-ին քուէարկութեամբ մը. ժխտական քուէարկութիւն մը կամ` նախագահ Շեհապի հանդէպ մեծարանքի բանաձեւի քուէարկութիւն մը:

Չկարենալով ձայներու 3/4-ը ապահովել, մեծամասնութիւնը տակաւին ի վիճակի է յուլիս 30-ին ձեռնպահ ըլլալով` հարցը առկախ պահել:

Այսպիսով, խորհրդարանի նախագահը յուլիս 30-ին կարելիութիւնը պիտի տայ մեծամասնութեան` ունենալու իր պահանջած երկրորդ վիճաբանութիւնը:

Ձեռնպահ մնալով` մեծամասնութիւնը իր կարգին Ք. Ասատի կարելիութիւն պիտի տայ ճշդելու ընտրութեան նիստ մը: Այս նիստը կրնա՞յ տեղի ունենալ:

… Այսպիսով, իւրաքանչիւրը փաստած պիտի ըլլայ իր անկարողութիւնը: Բայց մինչ այդ վերանորոգութեան դուռը իրաւականօրէն փակուած պիտի չըլլայ: Ու դարձեալ հարկ պիտի ըլլայ կա՛մ համաձայնիլ թեկնածուի մը շուրջ եւ կա՛մ համաձայնիլ (3/4-էն աւելի մեծ թիւով մը) օրինաւորապէս պնդելու Աժալթունի մօտ:

* * *

Այս բոլորը շատ ցաւալի է: Ո՞վ կը համարձակի ուրանալ:

Այս կացութիւնը նկարագրելով` չենք ըսեր, թէ զայն կը փափաքինք, այլ պարզապէս կը շեշտենք, որ ա՛յս է կացութիւնը:

Այս բոլորը կարելի է խտացնել երկու նախադասութեամբ: 53-ներու մեծամասնութիւնը չի կրնար «վերանորոգել» առանց Ասատ-Սքեֆ խմբակին իսկ Ասատ Սքեֆ խմբակը չի կրնար նախագահ մը ընտրել` առանց միջխմբային կոմիտէին (53 ձայն):

Թող կարելի եղածին չափ շուտ համաձայնին: Ասիկա մեր մաղթանքն է:

Թող կարելի եղածին չափ շուտ համաձայնին: Ասիկա մեր մաղթանքն է:

Այդ համաձայնութիւնը արգիլողներն են, որ կ՛երկարաձգեն իրաւական պայքարը: Բայց, խորքին մէջ, իրաւական պայքար մը նախընտրելի է փողոցի պայքարէ մը: Այդ յառաջդիմութիւնը անժխտելի ըլլալու առաւելութիւնն ունի:

Share this Article
CATEGORIES