Աշխարհի Ամէնէն Աւելի Բնակուած Քաղաքը` Թոքիօ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

26-07tokyo-1Այս շաբաթ մենք կարճ դադար մը պիտի առնենք Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ: Իր 35 միլիոն բնակիչներով ան աշխարհի ամէնէն աւելի բնակուած քաղաքն է:

Իր 2190 քառ. քմ տարածքով Թոքիօ հսկայական քաղաք մըն է, որ բնաւ չի քնանար: Շիպուայի եւ Շինժուքույի թաղամասերուն մէջ ժողովուրդը անդադար կ՛երթեւեկէ: Խանութները, սրճարանները, ճաշարանները… գիշեր ցերեկ լեցուն են:

* * *

Ճափոնը շատ արդիական քաղաք մըն է, սակայն նոյն ատեն աւանդական սովորութիւնները միշտ ներկայ են: Աւանդական հագուստներով արարողութիւններ միշտ տեղի կ՛ունենան: Գարնան ճափոնցիները մեծ դաշտագնացութիւններ կը կազմակերպեն ծաղկած կեռասենիներուն շուքին: Թոքիոյի մէջ Ուէնոյի եւ Շինժուքուի պարտէզները կը խճողուին մարդոցմով:

* * *

Ցուքիժի ձուկի եւ ծովային անասուններու աշխարհի ամէնէն մեծ շուկան է: Ամէն տարի հոն կը ծախուի 700 հազար թոն ուտելիք: Ճափոնցիները շատ ձկնեղէն կ՛ուտեն: Միջին հաշուով, ամէն ճափոնցի տարեկան 72 քիլօ ձուկ կ՛ուտէ:

* * *

Ճափոնը մանկաներուն (երիզային պատկերներով պատմութիւններ) եւ վիտէօ խաղերու (Նինթենտօ, Սոնի…) երկիրն է: Ճափոնցիներէն կէսէն աւելին ամէն շաբաթ նուազագոյնը մէկ մանկա կը կարդայ: Այս պատմութիւններու սիրահարները չեն վարանիր նոյնիսկ իրենց նախասիրած հերոսներուն նման հագուելու եւ դիմայարդարուելու:

Այցելենք

26-07tokyo-2Թոքիոյի քաղաքապետարան: Քաղաքապետարանը կազմուած է 48 յարկանի երկու զոյգ աշտարակներէ: Վերելակները այցելուները մինչեւ գագաթ կը հասցնեն միայն 55 երկվայրկեանէն: Քաղաքապետարանին կը պատկանի նաեւ քանի մը մեթր անդին գտնուող երեք աշտարակներու խումբ մը:

Մէյճիի սրբավայր: Այս շինութիւնը նուիրուած է Մէյճիի կայսրին, որ իշխած է 1868-1912 եւ արդիականացուցած երկիրը: Սրբավայրը կը գտնուի աւելի քան 100 հազար ծառ պարունակող պարտէզի մը կեդրոնը:

Թոքիոյի աշտարակը: Կարմիր եւ ճերմակ ներկուած այս աշտարակը շինուած է 1998-ին, Փարիզի Էյֆել աշտարակի օրինակով: Սակայն անիկա Էյֆելէն 9 մեթր աւելի բարձր է:

26-07tokyo-3Քոքիօ կայսերական պալատ: Ասիկա Ճափոնի կայսրին կեցութեան վայրն է: Պալատը եւ անոր պարտէզը շրջապատուած եւ միջին դարերուն փորուած եւ ջուրով լեցուն խրամատներով եւ պարիսպներով: Պալատը կազմուած է իրարու կամուրջներով միացած երեք պզտիկ կղզեակներէ: 1945-ի ռմբակոծումներուն ընթացքին աւերուած այս պալատը վերաշինուեցաւ 1968-ին:

Ուէնոյի հանրային պարտէզ: Անիկա մայրաքաղաքին ամէնէն մեծ հանրապարտէզն է իր աւելի քան 60 հեկտար կանաչութեամբ ծածկուած տարածքով: Անոր մէջ կան կենդանաբանական պարտէզ մը, տաճարներ եւ բազմաթիւ թանգարաններ` Գիտութեան թանգարան, արդի գեղարուեստի թանգարան եւ Պատմութեան թանգարան:

Ծիածանի կամուրջ: 1993-ին շինուած այս առկախ շինուած կամուրջը կարելիութիւնը կու տայ անցնելու Թոքիոյի ծոցէն: Անոր վրայէն կ՛անցնին ճամբայ մը, կառուղի մը եւ ստորերկրեայ փոխադրակառքի գիծ մը:

26-07tokyo-5

26-07tokyo-4

 

 

 

 

 

Գաւաթ Մը Սուրճ`
Մեղուներուն Համար

26-07meghouԲոյսերը շատ խելացի են: Նիւ Քասըլի անգլիական համալսարանէն գիտնականներ զարմանքով նշմարած են նարինջի եւ լիմոնի ծառերուն նեկտարին մէջ քաֆէինի հետքեր: Քաֆէինը նիւթ մըն է, որ իւրայատուկ համ մը կու տայ սուրճի արեւադարձային ծառի հատիկներուն:

Անդրադառնալով, որ այս նիւթը մեղուներուն յիշողութիւնը կը գրգռէ` գիտնականները ապացուցած են, որ այս բոյսերը քաֆէին կ՛արտադրեն: Մեղուները յիշելով, թէ ո՞ւր իրենք այս նիւթը համտեսած էին, յաճախ կը վերադառնան նարինջի եւ լիմոնի ծառերուն, որոնք իրենց կը հայթայթեն այս «քաղցրեղէնը»: Այս ձեւով, այս ծառերն ալ կ՛օգտուին այս երեւոյթէն, որովհետեւ այդ մեղուները իրենց հետ կը բերեն պտղաւորուելու համար անհրաժեշտ բեղմնափոշին:

 

Դափնիի Անտառ Մը

26-07tapniՄատեր անուանուած է «Ատլանտեանի ծաղկաւոր կղզին» ամբողջ տարին իր մեղմ կլիմային պատճառով: 1999 թուականէն ի վեր հրաբխային այս կղզեխումբը արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման ցանկին վրայ:

Այս պատիւը անոր տրուեցաւ շնորհիւ դափնիի անտառին, որ ժամանակին գրեթէ ամբողջութեամբ կը ծածկէր գլխաւոր կղզիին տարածքը, 700-1200 մեթր բարձրութեան վրայ: Տակաւին ճոխ այս անտառը իր անունը տուած է կղզիին, որ փորթուգալական գաղութի մը վերածուած էր 600 տարիներ առաջ, երբ փորթուգալցի ծովագնացներ հասան կղզի: Փորթուգալերէն «Մատերա» կը նշանակէ փայտ: խարհային ժառանգութեան պահպանման ցանկին վրայ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Ըստ ուսումնասիրութեան մը, տաք տուրմի ըմպելին աւելի քաղցր կը թուի, երբ կը խմուի նարնջագոյն գաւաթով` մը ի տարբերութիւն ճերմակ գաւաթին:
  • Մեծ թեւատները իրենց մարմնին իւրաքանչիւր 6,5 քառակուսի սանթիմեթրին վրայ մօտաւորապէս 100 փետուր ունին:
  • Առաջին Միքի Մաուսին եւ Մինի Մաուսին ձայներուն տէրերը իրական կեանքին մէջ իրարու հետ ամուսնացած էին:
  • Փանտաները (արջակատու) ամէն օր մօտաւորապէս 16 քիլօ պամպու կ՛ուտեն եղէգ որոնք համապատասխան են 144 համպրկըրի ծանրութեան:
  • Կատուները եւ շուները կրնան արեւէն այրիլ:
  • 420 միլիոն տարիներ առաջ սունկերը կրնային ընձուղտներու չափ մեծ ըլլալ:
  • Երեւակ մոլորակին լուսիններէն մէկուն վրայ գետեր գոյութիւն ունին:
  • Կարգ մը առնէտներ մարզուած են ռումբերու հոտը առնելու համար:
  • Մանհաթանի մէջ փիցցայի խանութ մը ձկնկիթով 31 սմ. տրամագիծ ունեցող եւ 1000 տոլար արժող փիցցա կը ծախէ:
  • «Վոյաճըր 1» առաջին անջրպետանաւն է, որ մեր արեգակնային դրութենէն դուրս ելած է, երկրագունդէն 17,702 784  000 քմ հեռու:
  • Մարդիկ ընդհանրապէս նուազ կը քնանան, երբ լիալուսին կ՛ըլլայ:
  • Կարգ մը մողէսներ կանաչ ոսկորներ ունին:
  • Պելճիքայի մէջ գոյութիւն ունին տուրմի համ եւ հոտ ունեցող դրոշմաթուղթեր:
  • Հաւանաբար 100 անգամ աւելի ջուր կայ Ափրիկէի մակերեսին տակ, քան` անոր վրայ:
  • Ողիմպիական կռուի մարտի մրցում մը տեւած է 11 ժամ:
  • Գոյութիւն ունի մեքենայ մը, որ քրտինքը ըմպելի ջուրի կը վերածէ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել այն ձուկը, որ միայն մէկ անգամ գծուած է:

Կրնա՞ս գտնել այն ձուկը, որ միայն մէկ անգամ գծուած է:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մանչերը:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մանչերը:

Share this Article
CATEGORIES