Նոր Գիրքեր. Քեսապի Երեք Օրերը (21-23 Մարտ 2014)

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Kessabi-Yerek-OrerՔեսապ, հայկական արծուեբոյնը, երրորդ անգամ ըլլալով կ՛ենթարկուի Թուրքիոյ բռնաբարութեան, 21 մարտ 2014-ին աղէտահար եղաւ, գարնանամուտի առաջին օրը: Իսլամական ծայրայեղ ընդդիմութեան հոսանքներու քմայքներուն ենթակայ` տեղահան եղաւ բազմահազար հայ բնակչութիւն: Բռնագրաւուած էր Քեսապ, կողոպտուած, թալանուած, «միւլքեր ու այգի» թողած ետին` ապաստանեցաւ դրացի Լաթաքիա քաղաքը, հայկական այս գաղութին եկեղեցիներուն, դպրոցին եւ հոգետունին մէջ, բազմութիւն մը գաղթեց դրացի երկիր Լիբանան: Հալէպ մեկնողներ ալ եղան:

Այս հակիրճ ծանօթագրութիւնը արձանագրելու նոր առիթ մը տուաւ մեզի քեսապահայ գրող, մտաւորական եւ ուսուցիչ Յակոբ Չոլաքեան, որ ապրեցաւ վերոյիշեալ բռնագրաւման ոդիսականը, որով մեզի փոխանցեց իր եւ իր համաքաղաքացիներուն ապրած աղէտը:

Յակոբ Չոլաքեան չէ սպասած, որ օրերը անցնին, հանդարտութիւնը տիրէ Քեսապի եւ իր շրջակայ տասնեակ մը գիւղերուն եւ շէներուն վրայ:

«Քեսապի երեք օրերը» անուանած հեղինակը իր ապրած օրերուն ամբողջական տառապանքը, տագնապը, յոյսն ու յուսաբեկումը կը ներկայացնէ բնիկ քեսապցի Յակոբ Չոլաքեան, չէր կրնար զսպել իր յուզումը, ցասումը եւ վրդովումը կատարուածին: Ոչ միայն ծայրայեղ իսլամ խմբաւորման անմարդկային արարքին, այլեւ տեղւոյն ղեկավարներուն, հոգեւոր թէ աշխարհական առաջնորդներն տեսակ մը անտաբերութեան ի դիմաց ամբողջ Սուրիոյ տարածքին բռնկումին պոռթկումն է մասնաւորաբար` Դամասկոսի եւ Հալէպի մեր ժողովուրդին եւ համայն սուրիացի ժողովուրդին յուսալքումին եւ յոյսին հրաշագործութեան սպասումով:

Գէշ անակնկալ մը եղաւ Քեսապի տեղահանումը, ոտաբոպիկ, գիշերանոցով խոյս տալը, փախստական դառնալը:

Արդեօք վերադարձի յոյս կարելի է սնուցանել հոգիներուն: Յակոբ Չոլաքեան իր ծննդավայր հայրենիքէն հեռացողներուն վերջիններէն եղած է: Ականատեսի վկայութիւններ կու տայ: Քեսապը չտեսած չճանչցած հայուն մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ գիւղաքաղաքին, հայկական ոստանին բազմատեսակ շէներուն մասին` անուններով, աշխարհագրական դիրքով, մշակութային, կրթական, եկեղեցական, հոգեմտաւոր ու մարզական միաւորներուն, կազմակերպութիւններուն մասին, առանց մոռնալու Քեսապի բարբառին գաղտնիքները, մշակուած տարածքներու ծաղկատեսակները, բուսականութիւնը ւ մասամբ նորին: Իւրայատուկ համայնագիտարան մը Քեսապի մասին:

Վկայութիւն մը իրաւամբ` Քեսապի բնութեան, բնաշխարհին, դարերու կեանք ունեցող պատմութեան, վերջին հարիւր տարիներուներրորդ անգամ ըլլալով թուրք-օսմանեան պետութեան ջարդին ու բռնութիւններւոն ենթարկուած հայկական աւանին մասին: Գուցէ չարիքին բարիքն ալ այս եղաւ: Չենք կրնար ըսել, թէ Քեսապի պատմութեան մասին գիրքեր չեն տպուած: Եղած են գրողներ, բայց այս նորագոյն վկայութիւնը բացառիկ յաւելուած մը կարելի է նկատել:

«Քեսապի երեք օրերը» նոր լոյս տեսած է, 122 էջերով, սրտով գրուած, միտքով մեկնաբանուած, ճշմարտութիւններ արտայայտող, մասամբ ինքնաքննադատական ժողովածու մըն է` ճիշդ իր ժամանակին ստեղծագործուած: Հեղինակին քեսապցիի ջիղերը անպանգստացած են, եւ իր սրտին խօսքը ւողղած է մեր բոլորին, որպէս արթնութեան հրաւէր, թշնամիին դիմաց, որ հայը հետապնդող թուրքն է իր տարբերակներով, իսլամական նորահնար անուններով արտադրուած:

Շնորհակալութիւ՛ն` ուսուցիչ, կրթական վաստակաշատ մշակ Յակոբ Չոլաքեանին, իր յանձնառու մտաւորականի ուսուցման համար:

Share this Article
CATEGORIES