ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒ ԽՈՇՏԱՆԳՈՒՄ` ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ. ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

Թիֆլիսի մէջ 10 յուլիսի ուշ երեկոյեան, Քեթեւան Ցամեպուլիի պողոտային վրայ քանի մը հոգի խոշտանգումի ենթարկած են երեք հայեր: Միջադէպի ականատեսները «Էքսպրեսնիուզին» յայտնած են, որ դէպքը տեղի ունեցած է կրօնական դրդապատճառներով:

Ըստ ականատեսներու, երբ Սուրբ Երրորդութեան տաճարէն բողոքի ցոյցին մասնակիցները սկսած են ցրուիլ, տասնեակ մը երիտասարդներ պողոտային մէջ մօտեցած են երիտասարդներու այլ խումբի մը: Անոնք յարձակած են հայերուն վրայ:

Ականատեսները չեն լսած լեզուակռիւի մանրամասնութիւնները, բայց վստահ են, որ վէճը եղած է կրօնական դրդապատճառներով:

«Յանկարծ երիտասարդները յարձակեցան երեք տղաներու վրայ, որոնք հայեր էին: Սկսան զանոնք խոշտանգել, ոտքերով հարուածել, նոյնիսկ պոռալ «Դուք մեղաւոր էք»: Խոշտանգումը տեւեց մօտաւորապէս 5 վայրկեան, ապա յարձակողները փախուստի դիմեցին: Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Եկէք փախչինք, քանի տակաւին ոստիկանները չեն եկած», յայտնեցին ականատեսները:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ դէպի Սուրբ Երրորդութեան տաճար, որուն մասնակիցները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին համայն Վրաստանի պատրիարքին, որ դէմ է Վրաստանի մէջ եկեղեցական միաւորումներուն իրաւական կարգավիճակ տալուն:

Յայտնենք, որ Թիֆլիսի հայ համայնքը հերքեց նախանցեալ օր տեղի ունեցած միջադէպին մասին տեղեկութիւնը: Համայնքը չբացառեց, որ ատիկա կրնայ ըլլալ վրացական լրատուամիջոցներուն սադրանքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES