«1994-Ի ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԷՆ ԵՏՔ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԴԱՐՁԱՒ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» ԿԸ ԳՐԷ «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը լոյս ընծայեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ Ուիլ Ինկլընտի «Ղարաբաղի մէջ առաջին յետխորհրդային պատերազմը» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ 1921-ին Խորհրդային Միութեան կուսակցական մարմինի որոշումով Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներառելու փաստին` նշելով, որ այդ քայլը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք պատերազմի պատճառ դարձաւ:

«Հայաստան եւ Ազրպէյճան, ներառեալ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը, եւ 1992-ին անոնք ներքաշուեցան լայնածաւալ պատերազմի մէջ: 1994-ի զինադադարէն ետք Լեռնային Ղարաբաղը դարձաւ անկախ պետութիւն», նշուած է յօդուածին մէջ:

Յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ, որ Ղարաբաղը այսօր «կը հպարտանայ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարած յաղթանակով» եւ վստահութեամբ կը դիմաւորէ ազրպէյճանական կողմի պատերազմի վերսկսման վերաբերեալ սպառնալիքները: Ղարաբաղի հայերը երախտապարտ պիտի ըլլային, եթէ իրենց երկրին անկախութիւնը ճանչցուի միջազգային մակարդակի վրայ, սակայն անոնք չեն պատրաստուիր ճանաչում մուրալու:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչ Թեւան Պօղոսեան յօդուածագիրին յայտնած է, որ «ճանչցուած չե՞նք: Յետո՞յ ինչ: Մենք արդէն ատոր վարժուած ենք», կը գրէ յօդուածագիրը:

Յօդուածին մէջ նաեւ մէջբերուած են Արցախի ազատամարտիկներու միութեան ղեկավար Ռոպերթ Պատրեանի խօսքերը այն մասին, որ «ղարաբաղցիները յանուն խաղաղութեան զիջումներ կատարելու հակում չունին»:

 

Share this Article
CATEGORIES