Ծառայասէր Եւ Աւանդապահ Մովսէս Տուտագլեանի Յիշատակին

Պ. Տ.

Movses-DoudaklianԻր պաշտած Այնճարի հողին վրայ կեանք առած, իր ամբողջ կեանքը այդ հողին ու անոր բարեբերութեան նուիրած Մովսէս Տուտագլեան (Մուհամատ Մուսա) շուրջ երկու ամիս առաջ իր վերջին հանգիստը գտաւ նոյնինքն այդ հողին մէջ:

Սէր ու գուրգուրանքով լեցուն անձ մըն էր` իր գիւղին ու գիւղացիներուն, ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն նկատմամբ: Աւելի՛ն. իր յատուկ հոգածութեան առարկան դարձուցած էր ՀՄԸՄ-ը, մասնաւորաբար` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը, որուն հետ երկար տարիներ ապրեցաւ լաւն ու վատը, միշտ փորձեց դրական ներդրում ունենալ, ըլլալ քաջալերող ու մղող ուժ, խումբին յառաջդիմութեան մէջ ունեցած իր մեծ ներդրումը` տասնամեակներ շարունակ ծառայելով խումբին, հասնելով անոր կարիքներուն, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ակումբի ֆութպոլի դաշտին կանաչապատումը ձեւով մը դարձած է Մովսէս Տուտագլեանի ճիտին պարտքը, իրեն համար սրբազան եւ կարեւոր առաքելութիւն: Երկար տարիներ` իբրեւ ֆութպոլի խումբի պատասխանատու, երբեք` առանձին չէ ձգած խումբին տղաքը, եղած է անոնց հոգատարն ու խնամողը:

Մովսէս Տուտագլեան տասնամեակէ մը աւելի ստաձնած է նաեւ Այնճարի ոռոգման յանձնախումբի նախագահութիւնը` մօտէն ու բծախնդրօրէն հետեւելով այս մարզի բոլոր աշխատանքներուն: Գիւղին մէջ յատուկ կերպով կը զատորոշուէր իր ցանքերով, որոնք բաւական մեծ տարածքներու վրայ կ՛երկարէին, կը նկատուէր Այնճարի մեծ պարտիզպաններէն, որոնք հսկայական հողեր կը ցանէին ու կը հնձէին` հողին բերրիութիւնը կրկնապատկելով:

Մովսէս Տուտագլեան ունէր ընկերային լայն շրջանակ, բազմաթիւ բարեկամներ, կը սիրէր երաժշտութիւնը: Կը յատկանշուէր իր ծառայասիրութեամբ եւ աւանդական կեանքին կառչածութեամբ, կը փորձէր միշտ պահպանել հայկական եւ մուսալեռեան հարազատ սովորութիւնները` զանոնք փոխանցելով նոր սերունդներուն:

Այնճարի ժրաջան պարտիզպաններէն, ծառայասէր գիւղացիներէն եւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի կեանքին մէջ իր նեդրումը ունեցածներէն մէկն ալ առյաւէտ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն, սիրելիներէն ու բարեկամներէն` իր ետին ձգելով նաեւ անտիպ հեքիաթներ ու պատմուածքներ: Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ մնայ անթառամ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )