Մովսէս Թ. Հերկելեանի Թաղման Առիթով Եսայի Հաւաթեանի Արտասանած Դամբանականը
Շատ արագ եւ անակնկալ կերպով մեզմէ յաւէտ կը բաժնուի Մովսէս Թովմաս Հերկելեանը իր երիտասարդ տարիքին:
Այնճարցիները կորսնցուցին ընկ. Մովսէսը. ընկերոջ մահը ոչ թէ կորուստ է միայն իր ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, այլ` յատկապէս ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան, որուն ծոցին մէջ մեր ընկերը անցուց իր գիտակից կեանքը անցնող յիսնամեակին:
Մովսէս Թ. Հերկելեանը մնաց հարազատ մուսալեռցի (Այնճարի մէջ ծնած ըլլալով հանդերձ) եւ հաւատաւոր դաշնակցական: Սիրեց մեր պապերու նահապետական կեանքը, մեր բարբառը, որ իր մայրենի լեզուն էր: Սիրեց Այնճարը եւ եղաւ այն սակաւաթիւ երիտասարդներէն, որոնք հեռաւոր երկիր մեկնելէ ետք, դարձեալ վերադարձան գիւղ` չկարենալով ապրիլ այդ օտար ափերուն վրայ, հեռու իր ընտանիքէն ու հարազատ գիւղէն:
Ընկ. Մովսէսը մեր սիրուած վարիչն էր ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, մեր ուղեցոյցը, որուն կը նայէինք որպէս մեր առաջնորդը: Պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ տարաւ այդ աշխատանքը եւ ամբողջ փաղանգ մը պատանիներ անցան իր հովանիին տակէն:
Դարձաւ հաւատաւոր դաշնակցական եւ ծառայեց երկար տարիներ, թէ՛ որպէս «Կարմիր լեռ» կոմիտէի, թէ՛ որպէս տարբեր յառաջախումբերու մէջ գործող անդամ:
1978-ին, երբ հազարաւոր հայորդիներ Պէյրութէն ապաստան գտան Այնճար, մեծ պատասխանատուութեամբ եւ զոհողութեամբ ղեկավարեց գաղթականներու տեղաւորման աշխատանքները` որպէս նախագահը գաղթականաց յանձնախումբին:
Որպէս երկար տարիներու «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ` իր ներդրումը ունեցաւ այս գիւղի գոյատեւման եւ զարգացման աշխատանքներուն մէջ, միշտ ճիգ թափելով մեր գիւղի հայեցի դիմագիծի եւ իւրայատկութեան պաշտպանութեան:
Յատկապէս դժուար քննարկումներու ընթացքին իր խօսքը կ՛ըլլար վճռական` միշտ սկզբունքային եւ միշտ դաշնակցականի ակնոցով դիտուած:
Իրեն վստահուեցաւ Խըտրպէկի թաղապետի պաշտօնը, զոր տարաւ բծախնդրութեամբ` սիրաշահելով բոլորին վստահութիւնը:
Ընկ. Մովսէսը ունէր նաեւ տպաւորող գրիչ: Աշխատակցեցաւ «Ազդակ»-ին, ուր լոյս տեսան իր յօդուածները, որոնք միշտ կարդացուեցան բոլորին կողմէ, որովհետեւ անոնց մէջ կար իր ամուր հաւատքը մեր ժողովուրդին հանդէպ, կար իր իւրայատուկ սկզբունքային մօտեցումը` ազգային հարցերու հանդէպ:
Եղաւ երիտասարդութեան ջատագովը: Դասախօսեց տարբեր առիթներու` միշտ թիկունք կանգնելով մեր երիտասարդներուն, որոնց տեսաւ որպէս մեր ապագայի գրաւականը:
Համոզուած էր, որ մերը, այնճարցիականը միշտ տարբեր պէտք է ըլլայ, եւ մենք պէտք է պահենք մեր բարբառը, աւանդութիւնները եւ դժուար որոշումներ տալու քաջութիւնը:
Մնաց կազմակերպչական մարմինի անդամ մինչեւ անհանգստանալը եւ ահաւասիկ, դժբախտաբար ան կը մեկնի անժամանակ:
Սիրելի՛ ընկ. Մովսէս, մենք կորսնցուցինք քեզ:
Յանուն ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան բոլոր ընկերներուն` կը խոնարհինք քու ազնիւ մուսալեռցիի, հաւատաւոր դաշնակցականի յիշատակիդ առջեւ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր:

