Ահրար Սուննա – Պաալպեք Փաղանգները Կը Սպառնան Մաշնուքի
Ահրար Սուննա – Պաալպեք փաղանգներու իշխան Սէյֆալլա Շայեահ երէկ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը չի կրնար ճշդել իրենց գտնուած վայրը եւ չի կրնար անոնց վնաս հասցնել:
Փաղանգները իրենց խօսքը ուղղեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի` ըսելով, որ ժիհատական իրենց գործողութիւններուն պատճառը յստակ եւ կեդրոնացած ծրագրաւորումն է` աւելցնելով, որ եթէ իրենց անդամներէն մէկը վնասուի խաչակիրներու կառոյցներէն, ապա ժամերու ընթացքին Լիբանանը պիտի վերածեն պատերազմի դաշտի մը:
CATEGORIES Լիբանանեան