Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Ֆիթրի տօնին Ա. օրուան ընթացքին առաւօտեան ժամը 6:30-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ պիտի նախագահէ օրուան նամազին: Քապպանի նշեց, որ Ֆիթրի տօնին առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` նկատի ունենալով Կազայի մէջ տիրող իրավիճակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Թրիփոլիի Ապու Ալի հրապարակին վրայ ձերբակալեց կասկածելի մը, որուն ձեռքին մէջ կար ձեռնառումբ մը: Բանակը անմիջապէս գրաւեց ձեռնառումբը եւ շարունակեց Թրիփոլիի մէջ շրջուն ջոկատներով իր հսկողութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան դէմ պայքարող կողմերը, որոնք կը միտին քանդել անոր հաստատութիւնները, անուններով ճանչցուած են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էմիր Հիւսէյն Ապտելլահեանի Լիբանան կատարած այցելութիւնը ուղղակիօրէն կը վերաբերի շրջանային իրադարձութիւններուն մասին տեսակէտներու փոխանակումին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական եւ ապահովական առումով Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուաններու դիմաց` նկատի ունենալով Պեքաայի մէջ արձանագրուելիք հաւանական բախումները, որոնք Արսալի մէջ պիտի կեդրոնանան եւ կրնան հասնիլ նաեւ մինչեւ Լիբանանի արեւելեան եւ արեւմտեան լեռնաշղթաները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ իր խօսքը ունենայ ըսելիք խորհրդարանին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ կոչ ուղղեց Հըզպալլային` վերադառնալու Լիբանան եւ գործադրելու ազգային փրկութեան ընթացագիծ մը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի բարձր գնահատեց խորհրդարանին կողմէ Կազայի եւ Մուսուլի քրիստոնեայ համայնքին զօրակցելու նպատակով գումարուած նիստը:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ աշխարհը պէտք է կասեցնէ Կազայի մէջ գործուող իսրայէլեան ջարդերը:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ յայտնեց, որ պէտք է գործադրել ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն պահանջը եւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որուն օրով կարելի պիտի ըլլայ երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց պաշտպանել շրջանին մէջ տիրող բազմազանութիւնը եւ վերջ տալ Արեւելքի դիմագիծը փոխելու փորձերուն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պատրաստելու աշխատավարձերու յաւելումներուն վերաբերող յատուկ թղթածրար մը, որպէսզի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հաւանութիւնը վայելէ եւ Ֆիթրի տօնէն ետք վաւերացուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ճակատագիրը ցարդ վտանգի չէ ենթարկուած, իսկ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ նախագահական ընտրութեան:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ արաբական վարչակարգերը չեն համարձակիր իրենց դրամը Պաղեստինի համար օգտագործել:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ սուրիական-լիբանանեան սահմաններուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորումներ չկան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ Եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ իր կարծիքով, արաբական աշխարհին մէջ Լիբանան պիտի ըլլայ միակ վայրը, ուր քրիստոնեաները պիտի կարենան ապրիլ:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ զինեալ բախումները ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛արձանագրուին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ այս հանգրուանին կատարուող խորհրդակցութիւններն ու երկխօսութիւնը կը կեդրոնանան խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւններուն վրայ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի նշեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերէն բացակայող քաղաքական ուժերը մեծ սխալ մը գործած են:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Ժամաա Իսլամիէն զինուորական գետնի վրայ սուրիական պատերազմին միջամուխ չէ դարձած եւ ոչ ոքի զօրակցած է այդ իմաստով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան առումով լիբանանեան երկու հեղինակութիւններ կը զօրակցին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի թեկնածութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )