Լիբանանի Եւ Կոլանի Սահմանին Մօտ Գտնուող Իսրայէլեան Ուժերը Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուեցան. Համաս Համաձայնեցաւ Ֆիթրի Տօնին Առիթով 24 Ժամուան Զինադադարին

27-07GazaՀամաս շարժումի բանբեր Սամի Ապու Զահրի յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի միջամտութենէն ետք 24 ժամուան համար մարդասիրական զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` ի սէր պաղեստինցի ժողովուրդին եւ Ֆիթրի տօնին մթնոլորտին համար: Պաղեստինեան խմբաւորումները համաձայն գտնուած են զինադադարը կիրարկելու կիրակի ժամը 14:00-էն սկսեալ:

Իսրայէլեան ուժերը կիրակի առաւօտեան վերսկսած էին իրենց յարձակումները, որովհետեւ Համաս մերժած էր մարդասիրական զինադադարը 24 ժամով երկարաձգելու իսրայէլեան կառավարութեան որոշումը, որուն միակողմանի կերպով յանձնառու մնաց Իսրայէլ: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուած են շարունակելու Կազայի դէմ յարձակումը` ի պատասխան պաղեստինեան դիմադրութեան խմբաւորումներուն կողմէ 24 ժամուան նոր զինադադարը ընդունելու քայլին:

Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` զինադադարի պայմաններուն վերաբերեալ ներկայացուցած գաղափարները իսրայէլեան պահանջներուն չեն յարմարիր, որովհետեւ շրջանին մէջ կ՛ամրապնդեն Իսլամ եղբայրներու ծայրայեղական առանցքը, որուն մաս կը կազմեն Թուրքիան եւ Քաթարը:

Համաս նախապէս յայտարարած էր, որ որեւէ զինադադար անարժէք է, եթէ Կազայէն իսրայէլեան հեռացման եւ գաղթականներու տունդարձին չ՛առաջնորդեր:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին փոխանցած է. «Հանդարտութիւնը հանդարտութեամբ կը դիմաւորուի»:

Նեթանիահու «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կարելի չէ «ահաբեկիչներուն» դէմ դնելէ դադրիլ,  «պարզապէս որովհետեւ քաղաքայիններու ետին կը պահուըտին»: Ան ընդգծեց. «Կազայի դէմ գործողութեան դադրեցման համար ներկայացուած միակ նախաձեռնութիւնը եգիպտականն է»:

Մինչ այդ, Կազայի կացութեան քննարկման համար Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային ժողով մը, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը:

Ժողովի աւարտին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, թէ ժողովը արտօնած է, որ զինադադարի հաստատման համար միջազգային հասարակաց աշխատանքի դրական ցուցմունքներ տրուին: Ժողովականները առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեցին երկարաձգելու մարդասիրական զինադադարը` յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ  գոյանայ մնայուն զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն մը, որ կը բաւարարէ Իսրայէլի ապահովական պահանջները եւ պաղեստինցիներուն ընկերային, տնտեսական ու բարգաւաճման պահանջները: Անոնք որոշեցին անջատաբար, սակայն համակարգուած կերպով յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին աշխատանք տանիլ այդ նպատակներուն իրագործման համար:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ բանակը Կոլանի մէջ եւ Լիբանանի հետ սահմաններուն վրայ գտնուող իր ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ դրած է` «զգուշանալով Ֆիթրի տօնին նախօրեակին կացութեան մագլցումին հաւանականութենէն»:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցի ցուցարարներու եւ իսրայէլեան ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: «Մայատին» հաղորդեց, որ Թուրքիա կը պատրաստուի թրքական մարտանաւերու ընկերակցութեամբ «Ազատութեան նաւատորմիղ 2» մը ուղարկելու Կազա:

Նշենք, որ Կազայի մէջ զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 1049-ի, իսկ վիրաւորներունը` 6037-ի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )