Իրանի Նախագահը Մտադիր Է Այցելելու Հայաստան

Հասան Ռուհանի

Հասան Ռուհանի

ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին մտադիր է այցելելու Հայաստան` քննարկելու համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռայիսի ըսած է. «Մենք կը դիտարկենք այս հարցը, սակայն նախագահի զբաղուած ժամանակացոյցին պատճառով տակաւին չենք կրնար յստակ նշել այցելութեան թուականը: Յամենայն դէպս, այցելութիւնը պիտի կայանայ»:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Իրան արդէն շատոնց տարբեր դիւանագիտական քայլերու կը նախաձեռնէ` դրացի պետութիւններու հետ իր յարաբերութիւնները ընդլայնելու համար: Վերջին տարիներուն Իրանն ու Հայաստանը մեծցուցած են համագործակցութեան մակարդակը, համաձայնագիրներ ստորագրած են ուժանիւթի, ճարտարագիտութեան եւ հետազօտութիւններու մարզերուն մէջ: Երկու երկիրները նաեւ կապերու ամրապնդման մասին համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES