Սուրիոյ Բանակը Շահեր Բնական Կազի Դաշտերը Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

27-07SyriaՍուրիոյ բանակը Հոմսի արեւելեան գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Շահեր բնական կազի դաշտերը առաւ իր վերահսկողութեան տակ` այդտեղէն վտարելէ ետք Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալները:

Հետագային բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ իր ուժերը յաջողած են Շահեր լեռն ու զայն շրջապատող բնական կազի դաշտերը առնել իրենց վերահսկողութեան տակ` Իսլամական պետութենէն մեծաթիւ զինեալներ սպաննելէ ետք, եւ ներկայիս բանակը կը վնասազերծէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ շրջանին մէջ լարուած ականները:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաստատեց այս լուրը` աւելցնելով, որ սուրիական վարչակարգի ուժերը նաեւ բնական կազի դաշտի մօտակայ բլուրները առած են իրենց վերահսկողութեան տակ:

ՏԱՀԵՇ մէկ շաբաթ առաջ Շահեր լերան եւ շրջակայ բնական կազի դաշտերուն դէմ յարձակում մը շղթայազերծած էր եւ յաջողած այդտեղ գտնուող հանքերէն ոմանց տիրել: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները մահապատիժի ենթարկած էին այդտեղ գտնուող բանակի զինուորներն ու պետական պաշտօնեաները:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Ղութա Շարքիյայի եւ Տարաայի մէջ գտնուող զինեալներուն դէմ «կեդրոնացուած գործողութիւններ» կատարած է, ինչպէս նաեւ Մլիհա գիւղէն մինչեւ Զպտին գիւղի արեւմտեան կողմն ու հիւսիսը գործողութիւններու շարք մը գործադրած է:

Բանակը Դամասկոսի Ժոպար շրջանին եւ Տումա շրջանի Մազարեհ Ալհըպի մէջ բազմաթիւ զինեալներ սպաննած է:

Share this Article
CATEGORIES