Լեւոն Հայրապետեանին Մեղադրանքներ Առաջադրուեցան
Հայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանին Ռուսիոյ հետաքննիչ մարմինը մեղադրանքներ առաջադրեց Ռուսիոյ քրէական օրէնսգիրքի 160-րդ յօդուածով (իւրացում կամ վատնում) եւ 174-րդ յօդուածով (ապօրինի ձեռք բերուած դրամներու լուացում): Հայրապետեան 28 ապրիլին յարուցուած քրէական գործով կասկածելի նկատուած էր` «Պաշնեֆթի» բաժնետոմսերու իւրացման եւ զարտուղի օրինականացման համար:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Վետեմոսթի» լրատու գործակալութիւնը, որուն մօտիկ աղբիւր մը նշած է, որ իւրացման տակ նկատի կ՛առնուի գործակալին դրամական փոխհատուցումը, որ Հայրապետեան ստացած է իբրեւ միջնորդ «Սիսթեմա»-ի պաշքիրական քարիւղային գումարները Պաշքորթոստանի նախկին նախագահ Մուրթազ Ռահիմովի որդիէն` Ուրալ Ռահիմովէն գնելու գործարքի ժամանակ: Հայրապետեանի փոխհատուցման գումարը, ըստ հետաքննութեան տուեալներուն, կրնայ կազմել մինչեւ 50 միլիոն տոլար: Կրտսեր Ռահիմով գործով հիմնական կասկածելին է, իսկ Հայրապետեան կը նկատուի ատոր գլխաւոր մասնակիցը: