Զինադադարի Դրութեան Խախտում` Հայաստանի Սահմանային Գօտիին Վրայ

Arcrun-Hovhannisyan

Արծրուն Յովհաննիսեան

Շաբաթ, 26 յուլիսի երեկոյեան Հայաստանի սահմանային գօտիի Մովսէս, ներքին Կարմիր Աղբիւր եւ Այգեպար գիւղերու բնակիչները աւելի քան 6 ժամ անցուցած են նկուղներու մէջ` ազրպէյճանական կողմէն արձակուած կրակոցներուն վտանգին տակ:

Զոհեր չկան, սակայն գիւղերը նիւթական վնասներ կրած են:

«Թշնամին կրակ բացած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ: Միայն մեր պատասխանէն ետք դադրեցուցած է կրակոցը: Իրենց կողմէ չեմ կրնար ըսել, եթէ որեւէ բան կայ, ապա ամբողջ պատասխանատուութիւնը իրենք կը կրեն, որովհետեւ իրենք եղած են յարձակումին նախաձեռնողները», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:

Մեկնաբանելով վերջին շրջանին զինադադարի խախտումները` Յովհաննիսեան անոնց համար քանի մը պատճառ նշեց` բերքահաւաքի շրջանէն մինչեւ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն:

Հայաստանի պաշտպանական նախարարութիւնը Ազրպէյճանին կը դիմէ` յայտարարելով, որ ամէն մէկ խախտումի պարագային հայկական կողմը պիտի պատասխանէ հակահարուածով: «Որքան փորձեն սադրել եւ խախտել, այնքան պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ կը մնայ, կորուստներու եւ վնասուածքներու համար նոյնպէս պատասխանատուութիւն կը կրեն. թէ՛ իրենց, թէ՛ մեր: Մենք անպատիժ ոչինչ կը ձգենք», ըսած է Յովհաննիսեան:

Share this Article
CATEGORIES