Նախագահ Սարգսեան Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճանցիները «Հայոց Աշխարհին Մէջ Պիտի Գտնէք Ձեր Վախճանը»
Շաբաթ, 26 յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ ելոյթ ունենալով Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հիմնարկի հիմնադրութեան 20-րդ տարեդարձի ձեռնարկին, ըսած է, որ «այլեւս անցած են այն ժամանակները, երբ հայ մարդուն վնասելը անպատիժ կը մնար»:
Ձեռնարկին ընթացքին, դիմելով զինուորական հաստատութիւններու այս տարուան շրջանաւարտներուն, Սերժ Սարգսեան յորդորած է վնասազերծել հակառակորդին ոտնձգութիւնները:
Արձակազէններով մեզ թիրախ դարձնող, մեր թիկունքին դաւադիր ոտնձգութիւններ իրականացնել ցանկացող եւ մեր դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ծրագրող հակառակորդին կ՛ըսենք, «Զգո՛ւշ եղէք, սա հայոց աշխարհն է, ուր պիտի գտնէք ձեր վախճանը»: Եւ ես շնորհակալ եմ ձեզմէ, որ ընտրելով սպայի մասնագիտութիւնը` գիտակցաբար եւ նուիրումով դարձած էք այս պատուիրաններուն հետեւորդները եւ զանոնք գործով իրականացնողները: Սակայն ես կը հրամայեմ ձեզ, կը խնդրեմ, տղա՛ք, ընել ամէն ինչ, հերոսանալու ոչ թէ սեփական կեանքը կորսնցնելու, այլ մեր աշխարհին անդորրը խաթարող յելուզակները վնասազերծելու միջոցով: Հայրենիքը խիստ կարիքը ունի ձեր նման տղոց», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

