«Ֆորմիւլա-1». Աւստրալիացի Ռիքիարտօ Տիրացաւ Հունգարիոյ Կրան Փրիի Տիտղոսին

Տանիել Ռիքիարտօ

Տանիել Ռիքիարտօ

Երէկ տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 11-րդ կրան փրին` Հունգարիոյ մէջ:

Անիկա աւարտեցաւ Ռետ Պուլի աւստրալիացի վարորդ Տանիել Ռիքիարտոյի յաղթանակով. ան այսպիսով արձանագրեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` Քանատայէն ետք:

Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց Ֆեռարիի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ, իսկ երրորդ դիրքը` Լուիս Հեմիլթըն (Մերսետես):

Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 202 կէտ, առաջին դիրքը կը գրաւէ Նիքօ Ռոզպըրկ (Մերսետես), իսկ երկրորդ դիրքը 191 կէտով` Հեմիլթըն: Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ նոյնինքն Ռիքիարտօ:

Ինչ կը վերաբերի խումբերուն ընդհանուր դասաւորման Մերսետես կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, իսկ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը` Ռետ Պուլ (219 կէտ) եւ Ֆեռարի (142 կէտ):

Share this Article
CATEGORIES