Սուարես Սկսաւ Նախապատրաստուելու Նոր Տարեշրջանին

27-07suarezՊարսելոնայի նորեկ եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Լուիս Սուարես ընդհանուր խումբէն առանձին սկսաւ նախապատրաստուելու նոր տարեշրջանին, կը յայտնէ sport.es:

Ուրուկուէյցի ֆութպոլիստը չի խախտեր որակազրկման պայմանները: Ան մուտք չի գործեր քաթալոնիական ակումբին մարզադաշտ, ինչպէս նաեւ կապ չի պահեր Պարսելոնայի ֆութպոլիստներուն հետ: Սակայն ան կը մարզուի իր կողմէն մշակուած անհատական ծրագիրով:

Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ Սուարես 4 ամիսով կախակայուած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )