Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Եւ Պուրճ Համուտի Խումբերը` Յաղթական
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) իրենց կատարած մրցումներուն ընթացքին:
ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը` 45-17 արդիւնքով յաղթելով Տանքին:
Իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր յաղթանակը արձանագրեց 41-32 արդիւնքով` պարտութեան մատնելով Շապապ Արապին:
CATEGORIES Մարզական

