Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր զաւակները ուրախութիւն պիտի տան ձեզի: Անոնք պիտի հասկնան, թէ դուք որքան կը սիրէք եւ կու տաք, ինչ որ ուզեն: Այսօրուան պտոյտն ալ հաճելի է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օգտուեցէք եղանակի բարիքներէն` բաց օդին մարզանք կատարելով, կամ դէպի ծով երթալ չմոռնաք: Լողալը լաւ մարզանքներու շարքին է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առաւել ջերմութիւն ցուցաբերեցէք անոնց, որոնք կը սիրեն ձեզ անկեղծօրէն: Փոխադարձ սէրը անկշռելի է: Սիրով ձեր օրը կը դառնայ բեղմնաւոր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան գաղտնի հարցեր ունիք, հարկ է զանոնք պահել եւ ունենալ գիտակցութիւնը պէտք եղած ժամանակին արտայայտուելու դրական շեշտով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է գիտնաք արժէքը այն բանին, երբ մէկը ձեզի կու տայ իբրեւ նուէր կամ պարզապէս բարեկամաբար: Յարգելը մարդկային լաւագոյն զգացումն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սքանչելի յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք, ձեր շուրջը պիտի տեսնէք բազմաթիւ շնորհաւորողներ: Օրը փայլուն է, յիշատակելի, անմոռանալի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արժանաւոր գաղտնապահ անձը պիտի ըլլաք: Շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն ձեզի ձեր վեհանձնութեան եւ օրինակելի պարկեշտութեան համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գիշերները կարճ պիտի ըլլան ձեզի համար, պիտի լուսցնէք ստիպողաբար: Ջանացէք ցերեկին քնանալ, նոյնիսկ եթէ կարճատեւ ըլլայ այդ քունը: Առողջ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժամանակը չէ՞ արդեօք ձեր կենսագրութիւնը ներկայացնելու հոն, ուր կը փափաքիք: Ծանօթանալու լաւագոյն ձեւն է գրաւոր կապ հաստատել առ որ անկ է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օգնութեան ձեռք երկարեցէք անոր, որ կարիք ունի, առանց իր ուզելուն: Արդէն կը ճանչնաք զայն եւ պէտք է օգնէք ինքնաբերաբար, սրտանց:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արձակուրդի առիթ մը եւս պիտի ունենաք առանց ձեր գիտակցութեան: Այս անակնկալը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Պիտի ունենաք նաեւ նիւթական վարձատրութիւն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նախքան որոշում մը տալը` դիմեցէք այն մարդոց, որոնք կապ ունին ձեր հարցին հետ: Անոնք կրնան որոշ ուղղութիւն տալ ձեզի: Օրը յաջող պիտի անցնի:

