50 Տարի Առաջ (31 Յուլիս 1964)
Եղիշէ Պատրիարք
Պուէնոս Այրեսի Մէջ
Յուլիս 12-ին Պուէնոս Այրես հասած է Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան: Արժանթինեան թերթեր արձագանգ հանդիսացած են պատրիարքին ժամանումին եւ տեղեկութիւններ տուած` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մասին:
Եղիշէ պատրիարք իրեն ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին բացատրութիւններ տուած է Ս. Յարութեան տաճարի նորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք սկսած են երկու տարի առաջ` հսկողութեանը ներքեւ երեք ճարտարապետներու, որոնցմէ մէկը հայ է:
Արժանթինի հայութիւնը խանդավառ ընդունելութիւն մը ցոյց տուած է Եղիշէ պատրիարքին:
Յուսատու Երեւոյթ Մը
Հայ Առաջին Վարժարանը Շուտով
Պիտի Բացուի Ամերիկայի Մէջ
Ամերիկահայութեան տարիներու երազը սկսած է իրականութիւն դառնալ: Լիբանանէն ղրկուած կայծը ունեցած է իր բարերար արդիւնքը, Պոսթընի մեր պաշտօնակիցը` «Հայրենիք» (25 յուլիս), այդ առիթով կը գրէ.-
Բարենշան տեղեկութիւններ կը հասնին մեզի Քալիֆորնիայէն, ուր Հայ կրթական հիմնարկութիւն եւ կրթանուէր կազմակերպութիւններ խօսքէն կ՛անցնին գործի` տարիներու ամայութեան մէջ ովասիս մը ծաղկեցնելու համար. բանալու համար առաջին հայ վարժարանը, որուն երազով կ՛ապրէր ամերիկահայութիւնը տասնամեակներէ ի վեր, օրէ օր ականատես` սերունդներու խորթացումին:
Առաջին իսկ օրէն շեշտած ենք, թէ վարանումներն ու դասալքութիւնը տեղ չեն հասցներ մեզ: Երեսուն քառասուն տարի ձեռնածալ ու անգործ մնալէ ետք, անշո՛ւշտ որ անյաղթահարելի դժուարութիւններ պիտի ցցուին մեր դէմ ու նորանոր զոհողութիւններ պիտի հարկադրեն մեզի:
Որքան ալ ուշ մնացած ըլլանք եւ որքան ալ ծանր պատասխանատուութիւններ դրուին մեր վրայ, վարանումն ու նահանջը չեն, որ պիտի համակեն մեզ: Այո՛, մինչեւ հինգ տարի անտարբերութիւն, կասկածանք եւ վերապահութիւններ երեւան պիտի գան «հայկական վարժարան»-ին հանդէպ. աշակերտութիւն եւ ծնողներ դանդաղ պիտի շարժին ու նոյնիսկ անվստահութիւն ի յայտ պիտի բերեն: Արդիւնքը կամ օգուտը շատ քիչ պիտի ըլլայ` համեմատաբար նիւթական եւ բարոյական զոհաբերութեանց: Սակայն կասկած մի՛ ունենաք, որ աստիճանաբար պիտի փշրուին չկամութիւնները, փուլ պիտի գան «անյաղթահարելի» դժուարութիւնները, եւ մեր ազգային վարժարանները իրենց ուսումնական մակարդակով ի վիճակի պիտի ըլլան մրցելու ամերիկեաններուն հետ:
Հիմնականը` հայկական վարժարաններու համար.- ծրագրային բաժինը, ուսուցչական անձնակազմը, եւ առաջին չորս հինգ տարիներու նիւթական ինքնաբաւութիւնն է:
Եթէ պիւտճէական դժուարութիւնները հարթուին, մենք կասկած չունինք ծրագրային եւ ուսուցչական մասերու յաջողութեան մասին, երբ մանաւանդ հոգատար մարմիններու մէջ գործին ազնիւ կիրքը եւ ապրումը ունեցող հայ մարդիկ կան:
Եւրոպացին ու ամերիկացին միշտ հմայք մը ունեցած են մեզի համար, եւ ստորադասութեան զգացումը յաճախ կուրցուցած է մեզ` պատճառ դառնալով մեր սեփական արժէքներու ստորագնահատութեան: Իրողութիւնը ա՛յն է մինչդեռ, որ լաւ հայ ուսուցիչն ու դաստիարակը անգերազանցելի ուժ է եղած միշտ եւ յաջողած ամէն տեղ «անկարելին» վերածել կարելիի եւ պատուաբեր յաղթանակի:
Պիտի չկարենանք, անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ընդհանրական ու բաւարար ծաւալով հայ կրթական շարժում մը ստեղծել. այսինքն` ազգային ընդհանուր առումով հայկական լրիւ վարժարաններ ունենալ ամէն տեղ. այդ առիթը կորսնցուցած ենք դժբախտաբար:
Սակայն գէթ հայահոծ քանի մը նահանգներու կամ քաղաքներու մէջ (Քալիֆորնիա, Տիթրոյթ, Պոսթըն, Նիւ Եորք) յուսատու հեռանկարներ պիտի բացուին մեզի համար: «Ազգը» պիտի չփրկուի թերեւս, սակայն հայերէնը չափով մը պիտի դադրի «մեռեալ լեզու» ըլլալէ: Միւս կողմէ` հաւանաբար փրկուած պիտի ըլլանք… անձնասպանութեան ապաւինած անյոյսներ նկատուելու ճակատագրէն:
Գործի՜, ուրեմն: Քալիֆորնիան թող մեկնակէտ մը ըլլայ «անկարելի»-ի առասպելը խորտակելու:

