Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ծանրաբեռնուած Երեխաներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

mum-scolding-childՆկարչութիւն, պար, դաշնակ, պասքեթպոլ… մեր օրերու երեխաներուն զբաղումներու ցանկը շա՜տ երկար է: Շատ մայրեր երեխային օրն անգամ նախօրօք կը ծրագրեն, որպէսզի ան ամէն ինչի հասնի:

Բազմազբաղ երեխաներուն առաւօտը կը սկսի «պիտի ուշանաս» զգուշացումով եւ կ՛աւարտի «աճապարէ՛» հրահանգով: Մինչդեռ երեխան կ՛ուզէ խաղալ, վազվզել, չմտածել ժամանակի մասին:

38c54ef4a9f297a80834e8b939b99cacՀոգեբաններու կարծիքով, երեխան արտադպրոցական զբաղումներով ծանրաբեռնելով` ծնողները բազմատաղանդ զաւակներ կ՛ուզեն մեծցնել, նաեւ` իրենց չըրածը իրենց զաւակներուն ճամբով իրականացնել: Մինչդեռ երեխան ծանրաբեռնելով` ծնողները կը խլեն խեղճ երեխաներուն մանկութիւնը, իսկ չափազանցելու պարագային` առողջութիւնը: Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու ծնողքին ակնկալութիւնները չիրագործելու տագնապը` յառաջացնելով աւելորդ վախեր եւ մտահոգութիւններ:

Յաճախ ծնողները միայն ծանրաբեռնելով ալ չեն բաւարարուիր, կ՛ընեն հնարաւորն ու անհնարինը, որպէսզի իրենց զաւակը ըլլայ առաջինը, յաղթէ մրցոյթներուն, ապացուցէ, որ ինք լաւագոյնն է: Հոս եւս կը դրսեւորուի այն իրականութիւնը, որ ծնողները յաճախ կը փորձեն իրենց չիրականացուցած երազները իրենց զաւակներուն ճամբով իրագործել:

Հոգեբանները նաեւ չեն բացառեր, որ այլազան զբաղումներով երեխան ծանրաբեռնելով` վերջինս չի կրնար դրսեւորուիլ յատուկ ուղղութեան մը մէջ:

Ծանրաբեռնուած երեխան չի կրնար ուրախ ըլլալ, օրին մէկը ան կ՛ընդվզի, կը պոռթկայ եւ կ՛որոշէ հրաժարիլ իրեն պարտադրուած բոլոր զբաղումներէն: Անոր առիթ պէտք է տրուի, որպէսզի ընտրէ ի՛ր սիրածը եւ թիւով երկուքը չանցնի:

 

                               Պաղ Լոգանքի Բարիքները

232870Բազմաթիւ ազգեր` ֆինլանտացի, ռուս, թայլանտցի, ճափոնցի, քորէացի, եւ այլն կը հաւատան պաղ լոգանքի բարիքներուն:

Գիտական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ պաղ լոգանքը բարեգործ ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ:

Սկզբունքը հետեւեալն է. պաղ լոգանք մը առնել առտուն կամ իրիկունը: Սկսիլ տաք կամ գաղջ ջուրի տուշով մը, որ աստիճանաբար պիտի պաղի: Ապա երեք վայրկեան մնալ պաղ ցնցուղին տակ: Անշուշտ նախքան նման քայլի մը ձեռնարկելը` հարկաւոր է դիմել ձեր բժիշկին եւ առնել անոր կարծիքը:

Ահաւասիկ` պաղ լոգանքի բարիքներուն ցանկը.

  • Պաղ ջուրը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
  • Պաղ լոգանքը կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը:
  • Պաղ լոգանքը կ՛այրէ մարմնին իւղերը եւ կ՛օգնէ նիհարնալու:
  • Պաղ լոգանքը սքանչելի քնաբեր մըն է:
  • Պաղ լոգանքը կը ձերբազատէ ընկճախտէն:
  • Պաղ ջուրը փայլք կու տայ մորթին եւ մազերուն:
  • Պաղ լոգանքը կը նպաստէ շնչառութեան:

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Ինչպէ՞ս Կտրտել Եւ
Հրամցնել Սեխը

 

Ամրան համեղ եւ հիւթեղ պտուղներէն սեխը կարելի է սեղան բերել տարբեր ձեւերով. անոնցմէ ամէնէն ընթացիկը  կեղուըուած եւ շերտուած տարբերակն է. սակայն կարելի է միշտ ալ նոր ձեւերու մասին մտածել եւ զարմացնել հիւրերը: Ահաւասիկ` 4 հետաքրքրական գաղափարներ:

Փայտեայ ցպիկներու վրայ անցած` խոզապուխտի հետ:

Փայտեայ ցպիկներու վրայ անցած` խոզապուխտի հետ:

Գնդիկներու վերածուած եւ փորուած պատեանին մէջ լեցուած:

Գնդիկներու վերածուած եւ փորուած պատեանին մէջ լեցուած:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Վարդի տեսքով:

Վարդի տեսքով:

Ձմերուկի եւ մոցարելլա պանիրի գնդիկներու հետ:

Ձմերուկի եւ մոցարելլա պանիրի գնդիկներու հետ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Ստեպղինով Եւ Ճակնդեղով
Աղցան

salade-de-carottes-et-betteraves-rapeesԲաղադրութիւն 4 անձի համար

– 500 կրամ քերոցէ անցած ստեպղին
– 500 կրամ քերոցէ անցած ճակնդեղ
– Ապուրի դգալ մը մանրուած անանուխ
– Աղ
– Սեւ համեմ
– Ձէթ
– Քացախ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը, վրան աւելցնել տաշուած ստեպղինն ու ճակնդեղը եւ խառնել:

Փոխադրել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել մանրուած անանուխով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Nigoghos Sarafian1Անյիշատակ Յիշատակներ

Ձեռքեր, դէմքեր, նայուածքներ` կեանքիս մշշոտ խորերէն.
– Լոյսեր, թուփեր ընդծովեայ` որոնք կ՛անցնին յուսաբեկ.
Մերթ կը փորձեն խօսիլ ինձ. կը մօտենան յամրօրէն,
Ու կը դողան, կը հալին, կ՛այլակերպին մէկ առ մէկ:

Արնոտ տօներ, անձրեւ, ձիւն, ցեխոտ դիեր. ռումբերէն
Լուսաւորուած քաղաքներ… – Մղձաւանջներ կը կռուին
Հոսանքին դէմ, մերթ վըրաս յամառօրէն կը խուժեն,
Բզկտելով իրար, լուռ` կը յանձնըւին խաւարին:

Աչքերս ի զուր կը նային. անհունութիւնն է մահուան.
Ամայութիւն: – Ոչ ծընունդ, ոչ մանկութիւն, այլ անծայր,
Անյիշատակ գոյութիւն: Ոչ հայրենիք, ոչ հայր, մայր,
Այլ անջրպետ մը լըռին, ուր լոկ շուքեր կը ծըփան:

Ո՛չ, անցեալի մը չեղան խարիսխ յուշերըս երբեք,
Որ պիտի յոյս տային ինձ, իմաստութիւն. այլ աղօտ`
Կը զգացընեն անոնք միշտ, թէ կեանքը վիհ է ու մէգ,
Եւ ամուլ է ամէն վիշտ, ամէն վայելք ու կարօտ:

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )