Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նամականի

Սիրելի՛ պրն. Պարաք Օպամա,
Ազնուափա՛յլ տիկին Քեթրին Էշթըն
Եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն ու կից գործող կառոյցներ,

Արդեօք  ժամանակը չէ՞ արդէն ձեր դիմակները շպրտելու մարդկութեան արդարութեան ընդառաջ: Դուք, այսպէս կոչուած, կը հանդիսանաք քարոզիչներ աշխարհի մարդկային իրաւունքներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ռահվիրաներ, ցեղասպանեալներու պաշտպաններ եւ պատժամիջոցներ կիրարկողներ:

Ո՞վ իրաւունք տուաւ, որ դուք այս բոլորը ձեզի վերապահէք, ե՞րբ վերջ պիտի տաք այս դերասանութիւններուն, Նիւ Եորքի երկու երկնաքերներէն մինչեւ Քապուլ, Պաղտատ ու Հալէպ, Քեսապէն մինչեւ Մուսուլ` դատարկել տալով շրջանի հայ գաղութները, սրբապղծելով եկեղեցիներն ու դպրոցները եւ մղելով քրիստոնեաները աքսորի ճամբան բռնելու:

Այսօր Պըն Լատենի ամերիկեան շարժապատկերը  ՏԱՀԵՇ-եան նորաձեւութեան փոխուած է: Նոյն ահաբեկիչները չէի՞ն, որ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին ահաբեկչութիւններ սարքեցին, իսկ այսօր նոյն խմբաւորումները, ամերիկեան զէնքերով օժտուած, Թուրքիոյ ճամբով «կուշտ փոր» վարձկաններով կու գան Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները հարուածելու եւ ձեւով մը` հայոց հարցը թաղելու:

Այսօր աքսորի մէջ են միջինարեւելեան շրջանի հայկական գաղութները,  որոնք հանդիսացած են կորիզը ամբողջ սփիւռքին, միշտ տէր կանգնած են հայկական արժէքներուն եւ ինքնութեան` իրենց ազգային դպրոցներով, ակումբներով, եկեղեցիներով:

Այս ձեւով արիւնարբու թուրքը կը փորձէ անգամ մը եւս մոռցնել տալ աշխարհին իր կատարած 20-րդ դարու մեծագոյն ցեղասպանութիւնը Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի սեմին: Իսկ մենք հաւատալով Միացեալ Նահանգներու  եւ Ֆրանսայի պէս «քաղաքակիրթ» երկիրներու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին Հայկական հարցը եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախընտրական արշաւին` կը փութանք խանդավառ յոյսերով դէպի քուէատուփ:

Սոյն ղեկավարները այսօր ականատես են նաեւ հեղուող արեան` հայ սահմանապահ զինուորներուն, որոնք զոհ կը դառնան մարդասպան, անպատիժ մնացած ոճրագործ Սաֆարովի նման ազրպէյճանցիներուն:

Հազա՛ր փառք ձեզ, ո՜վ հերոս մարտիկներ, մեր սահմաններու պաշտպան քաջարի տղաք:

Միջին Արեւելքի երկիրներուն ապրած տագնապներուն ի տես` արդէն ժամանակն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ պատկան մարմինները հայրենիքի դռները բանան տառապած սփիւռքահայերուն առջեւ` առանց պայմանի եւ ձեւական քարոզարշաւներու, առանց  մետալներու բաշխումի, առանց «Նոր Հալէպ», «Նոր Քեսապ», վաղը «Նոր Մուսուլ» կարգախօսներու, առանց միշտ ներդրումը սպասելու նոյնինքն գաղթական սփիւռքէն…

ԱՇՈՏ ԵՐԿԱԹ

Նիկոսիա, 2014           

Share this Article
CATEGORIES