Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Իգնատիոս
Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում

Vehapar_111Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի նորակերտ վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու պատրիարքին միջեւ:

Հանդիպման ներկայ էին Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան` լուսարարապետ մայր տաճարի, եւ  Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան` դպրեվանքի տեսուչ, իսկ ասորի եկեղեցւոյ կողմէ` պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը եւ պատրիարքին գաւազանակիրը:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին տեղի ունենալիք միջեկեղեցական միջազգային համագումարները, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ունեցած աստուածաբանական երկխօսութիւններու առնչուած կարգ մը հարցեր: Բնականաբար հայ եւ ասորի եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը աւելի ամրապնդող առիթ մը եղաւ յիշեալ հանդիպումը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներկայացուցիչը
Ներկայ Կը Գտնուի Իրանի Դեսպանատան
Կազմակերպած Իֆթարին

Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Ֆայատիէի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին բնակարանին մէջ, Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով տեղի ունեցաւ իֆթար: Սոյն իֆթարին ներկայ էին բոլոր համայնքները ներկայացնող կրօնական ու պետական պատասխանատուներ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` սոյն իֆթարին ներկայ գտնուեցաւ Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեան` վարիչ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական գրասենեակի, որ իր կարգին, վեհափառին ողջոյնները փոխանցեց Իրանի դեսպանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES