Մայիս 29-ի Մտորումներ. Կարգը Արամինն Է

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

PICS-HAGOP-2Երբ մայրուղիի վերջին ուղիղ հատուածը հասանք եւ հեռուն, հորիզոնին վրայ Արմաւիրի դաշտագետինէն բարձրացող գոլորշիին մէջ պարուրուած Սարդարապատի սլացիք յուշակոթողին ստուերը երեւաց, ինքնաշարժի վարիչ Վահագնը կարծէք ղեկին առթած պրկուածութիւնը թօթափելու համար, ոտքով ճնշեց պնդերագին վրայ եւ ինքնաշարժը սուրաց` քիչ ետք կանգնելու համար յուշահամալիրի ընդարձակ կանգառին իշխող երկու ցուլերու հսկայ արձաններուն դիմաց:

Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան եօթներորդ Պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու համար շաբաթով մը Երեւան կը գտնուէի եւ, ազատ օրեր ունենալով, որոշած էի անպայման Սարդարապատ ալ այցելել: 1974-ին, երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելած էի ու` Սարդարապատ եղած, թանգարանը տակաւին կառուցուած չէր: Ապա նաեւ մայիսեան յաղթանակի տարեդարձը ըլլալով` պատշաճ էր, որ Սարդարապատի հերոսներուն յիշատակը յարգէի ռազմաճակատ այցելելով: Մայիս 28-ի օրը յուշահամալիրին շուրջ կայացող յաղթանակի ոգեկոչման պաշտօնական արարողութիւններէն եւ խճողումէ խուսափելու համար նախընտրեցի մայիսի 29-ը:

Որպէսզի չյոգնինք, Վահագնը առաջարկեց այցելութիւնը սկսիլ թանգարանէն, ապա յառաջանալ դէպի յուշակոթող, ու մեզի տուաւ թանգարան մուտքի երկու տոմս, որոնց փոխարժէքը պտոյտի սակին մէջ ներառուած էր:

Սարդարապատի թանգարանը տուֆ քարէ շինուած ուղղանկիւն խորանարդաձեւ, անպաճոյճ, բաւականին մեծ կառոյց մըն է, զուրկ` հայկական ճարտարապետութեան յատուկ նախշերէ եւ կը ներկայացնէ հայկական հնադարեան ամրոց մը, խորհրդանիշ` ճգնաժամային պահերու թշնամին դիմակայելու հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքին ու մարտունակութեան:

Թանգարանին մէջ արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր: Մաքրող կիները կեդրոնական սրահի կարասիները տեղաւորելով զբաղած էին: Կը թուէր, որ նախորդ օրը սրահին մէջ յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցած էր:

Առաջնորդ օրիորդը մեզ հրաւիրեց, որ այցելութիւնը սկսինք մուտքի աջին գտնուող ցուցասրահէն, ուր ապակեայ ցուցափեղկերու մէջ տեղաւորուած էին նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանի 4-րդ եւ 3-րդ հազարամեակներուն Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ յայտնաբերուած տապանաքարեր, որմնաքանդակներ, քարէ գործիքներ եւ անօթներ: Երկրորդ սրահին մէջ ամփոփուած էին քրիստոնէական վաղ շրջանի խաչքարերու նմուշներ: Ապա նեղ ու երկար սրահէ մը անցնելով, ուր ցուցադրուած էին հողագործական ու 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն Հայաստանի մէջ կիրարկուած արհեստներու վերաբերեալ գործիքներ, բարձրացանք երկրորդ յարկ, որ յատկացուած էր գորգերու, ձեռագործներու եւ տարազներու: Կային զանազան չափի գեղեցիկ վիշապագորգեր, Լորի-Բամբակ, Ղարաբաղ եւ այլ գորգերու նմուշներ: Յատուկ ապակեայ դարակներու մէջ ցուցադրուած էին Այնթապի, Ուրֆայի, Վանի, Սվազի նաշխերով նրբօրէն աշխատցուած ձեռագործներ, Երեւանի եւ Արեւմտահայաստանի քաղաքները եւ շրջանները բնորոշող տոհմիկ տարազներ:

Երբ տարազներու բաժինէն դուրս եկայ, նկատեցի, որ արդէն կը գտնուիմ դէպի ելք առաջնորդող աստիճաններուն դիմաց: Պահ մը կարծեցի, թէ սխալ ուղիով յառաջացած եմ, սակայն բաժինի պատասխանատու տիկինը ճշդեց, որ այցելութիւնը հոն կ՛աւարտէր:

Հիասթափած, որ Սարդարապատի ճակատամարտը յիշատակող ոչ մէկ առարկայ ցուցադրուած էր, աճապարեցի աստիճանները իջնել` դուրսը մեզ սպասող Վահագնին միանալու:

Այդ պահուն հետաքրքրութենէ մղուած` թանգարանի կեդրոնական սրահը մտայ, ուր այցելութեան սկիզբը մաքրութիւն կը կատարուէր: Զարմացած նկատեցի, որ ձախ պատէն կախուած էր մեծ պաստառ մը` վրան Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան հռչակագիրը տպուած: Քովը, երկրորդ պաստառի մը վրայ, առաջին կառավարութեան կազմի անդամներուն անուանացանկը` իրենց ստանձնած պաշտօններով, Սարդարապատի ճակատամարտի ռազմական քարտէսներ եւ հրամանատարական կազմի նկարներ: Պաստառներուն ներքեւ, երկու ապակեայ դարակներու մէջ, առաջին հանրապետութեան թողարկած թղթադրամները եւ դրոշմաթուղթերը: Անոնց մօտ, ուղղահայեաց ցուցափեղկի մը մէջ, փայտէ, ձուաձեւ, մոխրագոյն պարզ աթոռ մը, հին Պէյրութի արաբական սրճարաններու աթոռներուն նման, որ ըստ ցուցափեղկին մէջ տեղադրուած բացատրութեան,  Արամ Մանուկեանի աշխատասեղանի աթոռը եղած էր: Իսկ սրահին աջ կողմը, ցուցափեղկի մը մէջ կախուած էր Արամի մոխրագոյն, հաստ կերպասէ, քառակուսի գիծերով հագուստը: Ցուցափեղկի կողքին, կրկին ապակեայ դարակներու մէջ, Արամին ածիլուելու վրձինը, ծխափողը եւ ժամացոյցը: Զօրավար Սիլիկեանին դրամապանակն ու ծխախոտի պանակը: Անդրանիկին մահակը եւ ծխափողը:

Ուրախ մնացի սրահ մտած ըլլալով եւ տեսնելով ցուցադրուած իրերը, որոնք մեր պատմութեան կարեւոր մէկ շրջանին գործած մարդոց յիշատակները կը վկայակոչեն: Սակայն հարցական մը ծագեցաւ մտքիս մէջ, որ այս իրերը այսքան տարիներ, մինչեւ Սարդարապատի թանգարանին տրամադրուիլը ո՞ւր պահուած եղած են եւ արդեօք կա՞ն այդ շրջանէն մեզի հասած այլ իրեր, որոնք հոս չեն ցուցադրուած: Այդ պահուն յիշեցի Փարիզ` Էնվալիտի թանգարանի ռազմական եւ զինուորական առարկաներու հարուստ հաւաքածոն ու յատկապէս այն ցուցափեղկը, ուր զետեղուած է 1918-ին  Արարայի ճակատամարտին դաշնակից բանակներու կողքին կռուած հայկական լեգէոնը առաջնորդող մեր եռագոյն դրօշակը:

Այս մտածումներն ու պատկերները կը տողանցէին ուղեղիս մէջ: Պատասխան մը ունենալու ակնկալութեամբ, քիչ մը վարանոտ, դիմեցի բաժինի պատասխանատուին, որմէ տեղեկացայ, որ այդ առարկաները պահուած եղած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանը. յաւելեալ տեղեկութիւններ չունէր: Ուրախացայ, որ հակառակ համայնավար կարգերուն կողմէ Հայաստանի անկախութեան վերաբերող ամէն յիշատակ մոռացութեան տալու քաղաքականութեան` կարելի եղած էր որոշ իրեր պահել եւ զանոնք կորուստէ փրկել:

Անձկութիւն մը պատեց զիս: Սկսայ մտածել, որ ինչո՞ւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ թանգարաններու գերատեսչութիւնը Սարդարապատի թանգարանը չեն ճոխացներ` հոն փոխադրելով Սարդարապատի եւ 1918-ի միւս ճակատամարտերու ու առաջին հանրապետութեան առնչուող զինուորական, փաստագրական եւ արխիւային կազմածներ, իրեր, հրատարակութիւններ ու փաստաթուղթեր: Արդեօք առաջին հանրապետութեան նկատմամբ անցեալի վերապահութիւններ տակաւին կը յամենա՞ն պետական կարգ մը պաշտօնատարներու մօտ:

Անձկութիւնս փարատելու համար դուրս եկայ փակ ու կիսամութ սրահէն եւ կանաչ թուփերով ու հայկական արծիւը խորհրդանշող քանդակներով եզերուած ուղիէն յառաջացայ դէպի յուշակոթող` մտածելով թանգարանի այդ բաժինը զարգացնելու կարելիութիւններու մասին:

Յիշեցի 1978-ին Փարիզ տուած առաջին այցելութիւնս, Ռիւ Պլէօ, Հայ մշակոյթի տան առաջին յարկի Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանը, հոն ցուցադրուած իրերը, նկարները, փաստաթուղթերը, եռագոյն այն դրօշակը, զոր Տիգրան Ծամհուրը բարձրացուց Հայաստանի խորհրդարանի ճակատին, Ահարոնեանի սեւ գրիչը, որով գրագէտը ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը: Հիմա, որ Դաշնակցութեան թանգարանը Փարիզէն փոխադրուած է Երեւան,  ինչո՞ւ չդիմել, որ նման յիշատակելի առարկաներ Սարդարապատի թանգարան փոխադրուին, ի վերջոյ այս բոլորը համազգային աւանդ են եւ մաս կը կազմեն հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան:

Յանկարծ զանգերու ձայնը սթափեցուց զիս: Անդրադարձայ, որ թանգարանը  կոթողէն բաժնող երկար տարածքը կտրած` արդէն կը գտնուինք Սարդարապատի ճակատամարտը պատկերացնող բարձրաքանդակներով զարդարուած եւ տուֆ քարէ հիւսուած պատին տակ: Քիչ անդին եռայարկ յուշակոթողը իր ամբողջ վեհութեամբ կ՛իշխէր բլրակէն վար բացուող կանաչ, տափարակ դաշտագետնին վրայ, որ կը տարածուի մինչեւ հորիզոնին երեւցող գորշ ու լերկ լեռներուն ստորոտը, որոնցմէ անդին Թուրքիան է: Յուշակոթողի պատուանդանին վրայ կային տասնեակ մը եռագոյն ծաղկեպսակներ, որոնք օր մը առաջ` Սարդարապատի ճակատամարտի 96-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին մեր եկեղեցւոյ երկու վեհափառ հայրապետները, Հայաստանի նախագահը եւ այլ պաշտօնատարներ զետեղած են` ի յիշատակ մարտերուն զոհուած զինուորներուն:

Միջին տարիքի, ճերմակ գոգնոց կապած, արեւէն խանձուած երեսներով երկու կիներ հրապարակը կը մաքրէին: Մեզ տեսնելով` մօտեցան: Անոնցմէ մին այրի էր: Ամուսինը նորապատցի, այն գիւղը, ուր կանգնեցուած է Սարդարապատի յուշահամալիրը, պարզ գեղջուկ մը, Սարդարապատի արեամբ շաղախուած հողին բոյրը շնչած, մէկը այն սերունդէն, որ ականջալուր եղած էր Պարոյր Սեւակի «Սերունդնե՜ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից» պատգամին, եւ երբ զանգերը ղօղանջած էին եւ «սրբազան քաջերին կանչած», անսալով ցեղին ձայնին, դարձած էր ազատամարտիկ, զոհուած էր ղարաբաղեան մարտերուն եւ այժմ եօթը այլ զինակիցներու կողքին կը հանգչէր ազատամարտիկներու յատկացուած փոքր պանթէոնին մէջ` յուշակոթողին աջ կողմը:

Մտածեցի, թէ հայ ժողովուրդը գիտէ պատշաճ ձեւով յարգել իր հերոսները, յայտնի թէ խոնարհ, անոնց յիշատակին կանգնեցնելով կոթողներ, որոնց կը հանդիպինք Հայաստանի ամբողջ տարածքին, մինչեւ սահմանամերձ գիւղերը, մինչեւ Արցախ: Այդ պահուն մտքիս մէջ պատկերացաւ Արամի շիրիմը, Երեւանի Թոխմախկէօլ գերեզմանատան մէջ: 1989-ի դեկտեմբերին էր, երկրաշարժէն ճիշդ տարի մը ետք: Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հրաւէրով, զոր կը վարէին Կարլէն Թալլաքեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը եւ Ռոմեն Գոզմոեանը, Համազգայինի մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան մէկ պատուիրակութեան հետ Երեւան կը գտնուէի` սփիւռքահայութեան մշակութային միութիւններու համագումարին մասնակցելու համար: Խորհրդային Միութիւնը, փերեսթրոյքայով եւ կլասնոսթով սկսած վերածնունդի շրջան մը կ՛ապրէր: Այդ հովերը հասած էին նաեւ Հայաստան, եւ Երեւանը կը փորձէր Մշակութային կապի կոմիտէի ճամբով հաւասար յարաբերութիւններ մշակել սփիւռքի քաղաքական հոսանքներուն հետ:

Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէի գրասենեակները կը գտնուէին առաջին հանրապետութեան կառավարութեան շէնքին առաջին յարկը: Կ. Թալլաքեան մեզ տարաւ այն գրասենեակը, որ պատկանած էր Սիմոն Վրացեանին, եւ ուրկէ կարելի է դուրս գալ այն պատշգամը, ուրկէ Արամը դիմած էր հայ ժողովուրդին` պաշտպանելու Երեւանը:

Ժողովներու մէկ դադարին Կեդրոնական վարչութեան ընկերս` Արմենակ Եղիայեանը, չեմ գիտեր ներքին ի՛նչ մղումէ տարուած, առաջարկեց Արամի շիրիմը այցելել: Մութ ու ցուրտ օր մըն էր: Ձիւնը ծածկած էր շրջապատը: Ինքնաշարժը մեզ ձգեց գերեզմանատան մայր մուտքին դիմաց, ուրկէ Արմենակին առաջնորդութեամբ, աջ ու ձախ անկանոն շարուած ու յաճախ իրարու փակած գերեզմաններուն վրայէն ելլելով ու իջնելով, շիրմաքարերու արձանագրութիւնները  կարդալու համար ձիւնը մաքրելով` յառաջացանք եւ ի վերջոյ քանի մը բարձր դամբարաններու ետին կորսուած, չոր թուփերով ծածկուած, սեւ քարէ  խաչքարի մը տակ, հազիւ ընթեռնլի, կարդացինք` «Արամ Մանուկեան», տակը` ծննդեան ու մահուան թուականները: Գեղեցիկ խաչքարը, որուն վրայ աչքառու էր փորագրուած արծիւը` խորհրդանիշ ուժի եւ սխրանքի, նոր կանգնեցուած էր լեզուաբան Վարագ Առաքելեանի եւ անոր համախոհներուն ջանքերով` շիրիմը կորուստէ փրկելու եւ Արամին յիշատակը հայրենի ժողովուրդին մէջ վառ պահելու մտահոգութենէն մղուած: Թուփերը եւ ճիւղերը կտրեցինք, որքան որ կարելի էր, որպէսզի խաչքարը տեսանելի դառնայ: Աղօթեցինք բոլոր Արամի գործին հաւատացողներուն կողմէ: Յիշատակելի նկար մը առինք ու վերադարձանք պանդոկ:

Մտքիս իրերայաջորդ պատկերներու շղթան երբ փակուեցաւ, հարց տուի. «Ինչո՞ւ հայրենի իշխանութիւնները Արամի աճիւնները Սարդարապատ չեն փոխադրեր: Ինչո՞ւ այս վերապահութիւնը եւ զգուշաւորութիւնը Արամի անձին նկատմամբ, երբ իր գաղափարի եւ զէնքի միւս ընկերները` Դրոն եւ Անդրանիկը իրենց վերջնական հանգիստը գտած են, առաջինը Ապարանի դաշտին դիմաց ու երկրորդը` Եռաբլուրի մէջ»:

Մայիս 28-ը նոր լիցք տուաւ հայ քաղաքական մտածողութեան: Հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն ազատ ու անկախ ապրելու փորձն ու վստահութիւնը ունեցաւ, այլ նաեւ զայն դարձուց իր քաղաքական հանգանակը:

Անցնող 95 տարիներուն բովանդակ հայ ժողովուրդը քալեց Արամին գծած ուղիով: Փետրուարեան ապստամբութիւն, Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք` Հայ դատի պահանջատիրական պայքար, ղարաբաղեան շարժում եւ, վերջապէս, Ղարաբաղի ազատագրում` այդ կը վկայեն:

Այսօր, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, եկած է կայսրինը կայսեր տալու պահը: Հայ ժողովուրդը հայրենի իշխանութիւններուն ուսերուն պարտք կը դնէ առաջին առիթով Արամին աճիւնները Սարդարապատ փոխադրել, որպէսզի Արամով ոգեղինացած կոթողը ամբողջական Հայաստանի տեսլականով բոցավառէ հայ նոր սերունդներու միտքն ու հոգին, նաեւ կը սպասէ հանրապետութեան կերտիչին արձանը կանգնեցնել Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Այժմ կարգը Արամինն է:

Յունիս 2014

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )