Հալէպի Մէջ Նոր Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
«Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմինէ Պօղիկեան Հալէպէն կը տեղեկացնէ, որ չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ի առաւօտեան, ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի Ճալլաա շրջանին մէջ ինկած հրասանդի պայթումին պատճառով զոհուեցաւ Սոնա Պալըքեան, իսկ յետմիջօրէին Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, Զուարթնոց եկեղեցւոյ կողքին ինկած հրասանդի պայթումին պատճառով զոհուեցաւ Ազնիւ Արուշեան եւ վիրաւորուեցան Ժիւլիեթ Խաչատուրեան, Գէորգ Թաշճեան, Յակոբ Յակոբեան, ՐաՖՖի Այվազեան, Յովհաննէս Այվազեան եւ Գէորգ Գէորգ Գալեմճեան:
Աւելի ուշ իր մահկանացուն կնքեց Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուած Գէորգ Գէորգ Գալեմճեան:
Երէկ երեկոյեան Նոր Գիւղի Զուարթնոց եկեղեցւոյ մօտ պայթած հրասանդին պատճառով զոհուեցաւ նաեւ աւելի կանուխ զոհուած Ազնիւ Արուշեանի քոյրը` Արաքսի Արուշեան-Խաչատուրեան:
CATEGORIES Գաղութային

