ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը. «Ամբողջական Հայաստան» Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում

3007badaniՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Ամբողջական Հայաստան» պատանիներու բանակումը, կրտսեր պատանեկան շարքերով սկսած կիրակի, 20 յուլիսին, շարունակուեցաւ այս անգամ երէց պատանիներուն հետ` «Այրուն» շրջանին մէջ:

Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ` չորեքշաբթի, 23 յուլիսին, ներկայութեամբ 114 պատանիներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Լուսիկ Տէր Գալուստեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց բանակումի ընդհանուր նիւթին անհրաժեշտութիւնը` ներկայացնելով չորս խումբերը` «Արեւմտահայաստան», «Ջաւախք», «Արցախ» եւ «Նախիջեւան», իբրեւ պատանիներու ներշնչման աղբիւրներ: Յիշեցնելով, թէ ինչպէ՛ս կրտսեր պատանիները իրենց փոքրիկ թաթերը դրոշմած էին ամբողջական Հայաստանի քարտէզին վրայ, ան կոչ ուղղեց երէց պատանիներուն իրենց դաշնակցականի ամուր ոտքերը հաստատելու այդ հողերուն վրայ:

Հինգ օրուան տեւողութեան ընթացքին պատանիները դաստիարակչական տարբեր միջոցառումներու ընդմէջէն ընդարձակեցին իրենց գիտելիքներու հորիզոնները` ամբողջական հայրենիքի հասկացողութիւնը դարձնելով իրենց առօրեայ կանչերուն, խմբային աշխատանքներուն եւ խարուկահանդէսներուն կիզակէտը: Անոնք լսեցին դասախօսութիւններ, մասնակցեցան ռատիոժամի խաղերու, ռելի փէյփըրի, սորվեցան նոր երգեր ու կանչեր, պատրաստեցին ձեռային աշխատանքներ` համալրուած Ֆիզիքական չարքաշութեամբ, մարզանքներով եւ դաշնակցականի կարգապահութեամբ: «Մե՛նք ենք ամբողջական Հայաստանը» խօսքը անոնց թիշըրթներուն վրայ դարձած էր առօրեայ կարգախօս` միացնելով չորս խումբերը մէկ ամբողջական գաղափարի շուրջ: Այս գաղափարին ապրումներով եւ յարգելով Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակը, շաբաթ, 27 յուլիսին, պատանիները միասնաբար նշեցին Լիզպոնի գործողութեան 31-ամեակը:

Կիրակի, 28 յուլիսին, մրցակցութեան ոգին հասաւ իր գագաթնակէտին, մարզական խաղերու օրակարգով, ուր չորս խումբերը առիթը ունեցան ապահովելու առաւելագոյն կէտեր, որոնք իրենց կարգին աւելցան իւրաքանչիւր խումբի հաւաքած կէտերուն ընդհանուր գումարին վրայ:

«Ամբողջական Հայաստան» բանակումը պաշտօնապէս իր աւարտին հասաւ երկուշաբթի, 28 յուլիսին` դրօշակի արարողութեամբ, հաճելի յիշատակներով իրարմէ բաժնելով պատանիները, ընկերները, դարձեալ հանդիպելու խոստումներով: Աշուղ Ջիւանիի բառերը լաւագոյնս կ՛արտայայտեն այն ժամերը, որոնց կը սպասեն բոլոր պատանիները… «Ինչ մարդ ունենայ իւր մօտը հաւատարիմ ընկեր, ցերեկի նման անցնում է մութ գիշերը մարդուն»:

 

Share this Article
CATEGORIES