Այնճարի Մէջ. Խանասորի Արշաւանքի 117-Ամեակի Եւ Լիզպոնի Գործողութեան 31-Ամեակի Նշում

30-07joghԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 27 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած Խանասորի արշաւանքի 117- ամեակին եւ Լիզպոնի գործողութեան 31-ամեակին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Խանասորի եւ Լիզպոնի նահատակներուն յիշատակը: Ապա, բացման խօսքը մասնաճիւղին անունով արտասանեց Յովիկ Ադամեան, որ նշեց. «25 յուլիս 1897-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ իրագործել իր պատմութեան առաջին պատժական արարքը` Խանասորի արշաւանքը, որուն միջոցով 7 տարուան այս նորաստեղծ վեհ կուսակցութիւնը պատժեց քիւրտ մազրիկ ցեղը»: Ան շարունակեց ըսելով. «31 տարիներ առաջ, նոյն ամսուն 27-ին, հայ երիտասարդութեան լաւագոյն դէմքերէն` Վաչէն, Սեդրակը, Սիմոնը, Սագոն ու Արան, որոնք իբրեւ առաքելութիւն ունէին կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը, անտեսելով մահն ու վտանգը եւ անսահման ինքնավստահութեամբ որոշեցին աշխարհին անգամ մը եւս յիշեցնել, որ հայ ժողովուրդը դատ ունեցող ժողովուրդ է, անոնք ուզեցին հանրային կարծիքին հետաքրքրութիւնը շարժել` զայն ծանօթացնելով Թուրքիոյ Ցեղասպանութիւնը ժխտող քաղաքականութեան»:

Յովիկ Ադամեան

Յովիկ Ադամեան

Նազօ Փոլատեան

Նազօ Փոլատեան

Ան խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Մենք` իբրեւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամներ, պիտի դառնանք օրինակելի սերունդ մը, բոլորիս մէջ անմար պիտի մնայ Սիմոնի, Արայի, Վաչէի, Սեդրակի եւ Սագոյի անունները, անոնցմէ պիտի ժառանգենք նուիրական ոգին, անոնցմէ պիտի ժառանգենք պայքարի ոգին, պիտի կերտենք փայլուն ապագայ մը եւ պիտի ժառանգենք անոնց առաքելութիւնը` ազատ, անկախ, եւ միացեալ Հայաստանի կերտումի գաղափարը»:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամները, իսկ Նազօ Փոլատեան ասմունքեց հայ ազատագրական պայքարի մարտիկներուն նուիրուած ոտանաւորներու փունջ մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Փիլաւճեան, որ նշեց. «Ճիշդ 117 տարիներ առաջ նոյն այս օրը Խանասորի արշաւանքի հերոսական յաղթանակը տեղի ունեցաւ եւ ճիշդ 31 տարիներ առաջ նոյն այս օրը Լիզպոնի սուրբ տղոց արարքը վերջին մեխը գամեց անարդարութեան դագաղին վրայ: Այս երկու զուգահեռ հերոսութիւնները, որոնք կը խաչաձեւուին եւ կը նոյնանան ինքնափաստարկման եւ ինքնապարտադրման ոգեւորութեամբ»:

Կարօ Փիլաւճեան

Կարօ Փիլաւճեան

Անդրադառնալէ ետք Խանասորի արշաւանքի դէպքերուն` ան ըսաւ. «Խանասորի արշաւանքը սովորական դաս մը չէ միայն հայոց պատմութեան մէջ, այլ նախադրեալ մըն է ֆետայական ոգիի փոխանցման եւ դաստիարակման գրաւականով մեր ներկայ սերունդին, որոնք կ՛ապրին հեռու եւ անջատուած մայր հողի իսկական կանչէն, կ՛ապրին սփիւռքեան տարբեր անկիւններու մէջ, որոնց հետաքրքրութիւնը եւ խանդը դժբախտաբար նուազած է հայրենի հողի եւ Հայ դատի ակունքը որոնելու եւ հետապնդելու աշխատանքներու մէջ»:

Խօսելով Լիզպոնի գործողութեան մասին` Փիլաւճեան հաստատեց, որ «Լիզպոնի տղոց արարքը կարելի է անուանել աստուածացում, հերոսութենէ վեր ձգտող ինքնահրկիզման հոգեբանական վիճակ մը` խառանելու համար այս աշխարհի անտարբեր եւ ծանծաղ առաջնորդները, որոնք անմեղ մանուկներու փխրուն դիակները կոխկռտելով կը յափշտակեն իրենց քաղաքական շահերն ու ծաւալապաշտական երազները»:

Խօսքը աւարտելով ան ըսաւ. «Թող Խանասորի արշաւանքի ֆետայիներու ինքնավստահութիւնը, Լիզպոնի տղոց ինքնազոհողութիւնը, 1,5 միլիոն անթաղ նահատակները, 1,5 միլիոնէ աւելի կորսուած հայու արիւնով, բայց օտար անուններով ապրած հայերը, Լեռնային Ղարաբաղի գոյապայքարին ինկած նահատակները եւ Մուսա լերան հերոսամարտի զոհուած մեր նախնիները ըլլան մեզի համար անձնազոհողութեան բարձրագոյն օրինակ Հայ դատի ճամբուն վրայ գործելու, զոհաբերելու մեր «ես»-ը յանուն հայ ազգի բարձրագոյն շահերու ձեռքբերման եւ ինչու չէ նահատակուելու Հայ դատի ճամբուն վրայ»:

Օրուան պատգամէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի քարոզչական յանձնախումբին պատրաստած տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր Խանասորի արշաւանքին պատմականը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES