ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Մեկնեցան Հայաստան` Մասնակցելու ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական Բանակումին

3007hmemlebԵրէկ` չորեքշաբթի, 30 յուլիսի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի սկաուտները համախմբուեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շրջափակին մէջ` մեկնելու օդակայան, իսկ հոնկէ` Հայաստան:

Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Այնճարի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղերէն 86 ՀՄԸՄ-ականներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 31 յուլիսին սկսելիք ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումին, որ տեղի պիտի ունենայ Բիւրականի բանակավայրին մէջ:

Սկաուտները մեծ խանդավառութեամբ ուղղուեցան օդակայան, ուր իրենց զուարթ տրամադրութիւնը յստակօրէն դրսեւորեցին երգելով եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծելով: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի տարազաւորներուն ընկերակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն պատասխանատուներ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետը:

ՀՄԸՄ-ականները լաւապէս պատրաստուած էին, յատուկ ծրագիրներ մշակած, որպէսզի լաւագոյնս ներկայացնեն Լիբանանը ՀամաՀՄԸՄ-ական բանակումին:

Share this Article
CATEGORIES