Կազայի Մէջ. Իսրայէլեան Զինադադարը Յայտարարուելէ Անմիջապէս Ետք Փուլ Եկաւ

30-07_GazaԻսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց ժամը 15:00-էն սկսեալ երեք ժամ տեւողութեամբ զինադադար մը, որ սակայն չի ներառեր ցամաքային կռիւները: Համաս շարժումը Իսրայէլի յայտարարած զինադադարը նկատեց անարժէք, որովհետեւ բուռն բախումներու շրջանները չի ներառեր: Համասի բանբեր Սամի Ապու Զուհրի յայտնեց, որ Իսրայէլի յայտարարած զինադադարը տեղեկատուական սպառումի համար է: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հետագային յայտարարեց, որ զինադադարը իրողական գետնի վրայ փուլ եկած է եւ դադրած գոյութիւն ունենալէ:

Իսրայէլեան ուժերը երէկ աշխուժացուցին Կազայի դէմ իրենց յարձակումները` հարուածելով Կազայի կեդրոնը գտնուող ՊըրԺ Տաուտի վերջին յարկը, ինչպէս նաեւ Զուաէյտա շրջանին մէջ գտնուող բնակելի բարձր շէնք մը:

Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ պայթեցուցած են ականուած տուն մը, ուր մուտք գործած էր 15-20 զինուորներէ բաղկացած իսրայէլեան մասնայատուկ ուժ մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ. փաղանգները ռմբակոծած են Կազայի շուրջ գտնուող տարբեր շրջաններու մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժեր եւ հրասանդի հրթիռներ արձակած Մաազիի եւ Շուժահիյայի արեւելքը գտնուող իսրայէլեան զրահապատ մեքենաներուն վրայ:

Իսրայէլեան ուժերը յայտնեցին, որ Կազայի դէմ յարձակումի առաջին օրէն ի վեր Կազայէն արձակուած հրթիռներուն պատճառով սպաննուած են երեք հրեայ բնակեցուածներ եւ 606 ուրիշներ վիրաւորուած:

Երէկ կէսօրին հաղորդուեցաւ, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացած է 1283-ի, իսկ վիրաւորներունը` 7150-ի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES