Ըստ Փենթակոնի. Ռուսիա Ուքրանիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Աւելի Քան Տասը Հազար Զինուոր Կեդրոնացուցած Է

Ճոն Քիրպի
«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը գրէ, որ Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Ճոն Քիրպի յայտնած է, որ Ռուսիան նախկինին նման իր ստորաբաժանումները կը կեդրոնացնէ Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ, եւ այժմ այնտեղ կը գտնուին 10 հազարէն աւելի զինուորներ:
Աւելի՛ն, այժմ անոնք Ուքրանիոյ սահմանին աւելի մօտ տեղակայուած են, քան գարնան, կը պնդէ պաշտօնատարը:
Կեդրոնացուած բանակային միաւորումները կ՛ընդգրկեն հետեւակային, հրասայլային եւ հրետանային ստորաբաժանումներ:
Անոնք նաեւ ունին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:
Փենթակոնի մէջ նաեւ նշած են, որ Մոսկուան ռուսամէտ զինեալներուն ծանր սպառազինութիւն կը մատակարարէ:
CATEGORIES Միջազգային

