Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ այսօր պիտի ընդունի ջախջախուած ալճերիական օդանաւին պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն հարազատները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ ինք հորիզոնին վերեւ քրիստոնէական համաձայնութիւն մը չի տեսներ, հետեւաբար ոչ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը պէտք է նպաստեն հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ օտար աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախագահական ընտրութիւններուն առումով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի ընտրութեան կարելիութիւնները հետզհետէ կը բարելաւուին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Սերժ Տաղեր յայտնեց, որ կարելի չէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի թեկնածութիւնը առաջադրել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հաշուոյն, այլ ատիկա պէտք է կատարել անոր հետ համախոհութեամբ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան

աղբիւրներ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` լիբանանցիները շրջանային տարբեր տագնապներուն միջամուխ չդարձնելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան մասին Հըզպալլա տակաւին իր վերջնական կեցուածքը չէ յայտարարած: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատած են նախագահական ընտրութիւնը արագացնելու:

ԱՍՈՐԻ ուղղափառ համայնքի Լեռնալիբանանի եւ Թրիփոլիի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս յայտնեց, որ իսլամականները Յիսուսի թշնամիներն են եւ մեզի հետ վարուելու իմաստով անոնք հրեաներէն ոչ մէկ ձեւով կը տարբերին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը խանգարեն նախագահական ընտրութիւնը եւ կը պաշտպանեն իրենց անձնական շահերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ տակաւին վերջնական որոշում մը չկայ խորհրդարանին պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգելու իմաստով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Շատի Սաատ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը մեղսակից է Արեւելքի քրիստոնեաներուն բռնագաղթին եւ ատիկա ինքնին ամօթ է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայնած են երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ունեցած հանդիպումները կը միտին երկրին քաղաքական տագնապին մէջ ճեղք մը յառաջացնել եւ որոշ լուծումներու յանգիլ:

ԱԶԱՏ խաչակիրներու փաղանգները խստիւ դատապարտեցին Մուսուլի քրիստոնեաներուն դէմ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող քաղաքական ուժերը պէտք է ստանձնեն խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պատասխանատուութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է երկխօսութիւն կատարել` լուծելու համար նախագահական ընտրութեան հարցը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս կոչ ուղղեց աշխուժացնելու երկրին սահմանադրական  հաստատութիւնները, որոնք սառած են, եւ ոչ թէ արգելակելու աշխուժ հաստատութիւններուն աշխատանքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի «շինիչ քաոս»-ին դիմաց եւ կարելի չէ զայն փրկել իր ներկայ իրավիճակէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Իրաքի քրիստոնեաները պաշտպանել եւ վերջ տալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն առած քայլերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համաս շարժումի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ շեշտեց, որ Իսրայէլ կառչած կը մնայ եգիպտական յանձնառութեան, որովհետեւ անիկա կը ծառայէ անոր շահերուն եւ նպատակներուն իրականացման:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Ռաֆիյի յայտնեց, որ արաբ ազգին դիմագրաւած հիմնական տագնապը Պաղեստինի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններն են:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Հըզպալլա պատճառ պիտի դառնայ Սուրիոյ պատերազմը Լիբանան փոխադրելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ երեսփոխան Հանրի Հըլուի թեկնածութեան որդեգրումը բոլոր քրիստոնեաները անտեսել կը նշանակէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES