Միքաթի. «Արաբական Աշխարհին Բոլոր Տագնապները Պաղեստինի Բռնագրաւումին Պատճառով Են»
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին շարունակութիւնը եւ հազարաւոր զոհեր պատճառելը պաղեստինցի պայքարող եւ համբերատար ժողովուրդին դէմ իսկական ցեղասպանութիւն կը նկատուի:
Միքաթի շեշտեց, որ ասիկա կ՛ենթադրէ, որ միջազգային ընտանիքը իր ձայնը բարձրացնէ իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ:
Միքաթի շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Պաղեստինի բռնագրաւումը կը մնայ արաբական աշխարհի բոլոր տագնապներուն հիմնական պատճառը: Ան աւելցուց նաեւ, որ իսրայէլեան բռնագրաւումին նկատմամբ ցուցաբերուած համաշխարհային պաշտպանութիւնը հիմնական պատճառ դարձած է Արեւմուտքին եւ արաբներուն միջեւ թիւրիմացութեան:
Միքաթի կոչ ուղղեց Պէյրութի մէջ 2002-ին որդեգրուած խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը գործադրելու:
CATEGORIES Լիբանանեան

