Լապուէի Քաղաքապետը Կը Խօսի Արսալի Մէջ Գործադրուելիք Զինուորական Տեսակարար Գործողութեան Մասին

Լապուէի քաղաքապետ Ռամեզ Ամհազ յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուած զինեալները դուրս շպրտելու նպատակով պիտի գործադրուի զինուորական տեսակարար գործողութիւն մը` լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն ու Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ:

Ամհազ յայտնեց, որ տակաւին այդ գործողութեան զերօ ժամը չէ ճշդուած` աւելցնելով, որ Լապուէի բնակիչները չեն վախնար եւ հարց չունին Արսալի բնակչութեան հետ, այլ` անոնց հետ, որոնք Արսալ հասած են:

Share this Article
CATEGORIES