Պնաշյիի Մէջ. «Երկիրը Արտակարգ Պայմաններու Ներքեւ Կ՛ապրի» Շեշտեց Ֆըրզլի
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Քրիստոնեայ հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի եւ ուրիշներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանան արտակարգ պայմաններու ներքեւ կ՛ապրի, ինչպէս նաեւ կ՛ազդուի շրջանին մէջ տիրող ճակատագրական եւ կարեւոր իրավիճակէն, որովհետեւ Լիբանան առանձնացած կամ օդէն կախուած կղզի մը չէ, այլ` մաս կը կազմէ շրջանին եւ կ՛ազդուի անկէ:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ Ֆրենժիէի դերակատարութիւնը ղեկավարի կեդրոնական դերակատարութիւն է` մաղթելով, որ այդ դերակատարութիւնը բոլոր մարզերուն պարագային մնայ փայլուն ու առաջնորդող:
CATEGORIES Լիբանանեան

